Որոնել

2023.08.29 Il Presidente Macron con Aliyev e Pashinyan

Մաքրոն կը մտադրէ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ քննարկել Լաչինի Մինջացքի հարցը

Այս շաբաթ ես պիտի խօսիմ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ: Մենք պիտի պահանջենք Լաչինի մարդասիրական միջանցքի վերաբերեալ համաձայնութիւններու լիարժէք պահպանում:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն դեսպաններու խորհրդաժողովի ընթացքին ըսած է, որ այս շաբաթ բանակցութիւններ պիտի վարէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եւ հանդէս պիտի գայ նոր դիւանագիտական նախաձեռնութեամբ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապը լուծելու համար:

«Այս շաբաթ ես պիտի խօսիմ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ: Մենք պիտի պահանջենք Լաչինի մարդասիրական միջանցքի վերաբերեալ համաձայնութիւններու լիարժէք պահպանում:

«Ինչպէս նաեւ նոր դիւանագիտական նախաձեռնութեան պիտի սկսինք, որպէսզի միջազգային ասպարէզին մէջ ուժեղացնենք ճնշումը Ազրպէյճանի վրայ», ըսած է Ֆրանսայի նախագահը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2023, 09:00