2023.03.30 DOM VICENTE FERREIRA ONU

ՄԱԿը քննարկեց Արցախի իրավիճակը եւ անընդունելի համարեց ժողովուրդը սովի մատնելը

Դիւանագէտները երկիր մոլորակին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները վերացնելուն զուգահեռ յորդորեցին ապահովել նաեւ դէպի Արցախ մատակարարումները եւ հոն ապրող մարդոց ազատ տեղաշարժի իրաւունքը:

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) իր մարդասիրական առաքելութիւնը չի կրնար իրականացնել Արցախի մէջ. խաղաղ բնակչութիւնը սովի մատնելը պատերազմական յանցագործութիւն է, որ պէտք չէ անպատիժ մնայ։ Այս յայտարարութիւնները հնչեցին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ, ուր 3 Օգոստոսի ուշ երեկոյեան տասնեակ երկիրներու դիւանագէտներ, Ուաշինկթընի նախաձեռնութեամբ հաւաքուած էին` քննարկելու պատերազմական իրավիճակներուն մէջ սովի բացառման եւ ապահովութեան երաշխաւորման ուղիները:

Բանախօսներու ելոյթներուն ընթացքին, մեղադրանքներուն մեծ մասին հասցէատէրը Ռուսիան էր, որ նախորդ ամիս միակողմանիօրէն խզեց հացահատիկային գործարքը, որուն պատճառով ուքրանական պարէնի մատակարարումներէն զրկուած ափրիկեան տարածաշրջանին մէջ կանգնեցան լուրջ հարցերու դէմ յանդիման:

Որոշ երկիրներու, որոնց կարգին Զուիցերիոյ եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները «Մոսկուայի քաղաքականութեան պատճառով սովի, զրկանքներու, տառապանքներու» մասին խօսելու ատեն յիշեցին նաեւ Արցախի մէջ շուրջ ութ ամիսներէ ի վեր շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամը, որ յառաջացաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով:

Դիւանագէտները երկիր մոլորակին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները վերացնելուն զուգահեռ յորդորեցին ապահովել նաեւ դէպի Արցախ մատակարարումները եւ հոն ապրող մարդոց ազատ տեղաշարժի իրաւունքը:

«Մենք գործ ունենք մի իրավիճակի հետ, երբ մայրերը չեն կարողանում սնունդ հայթայթել իրենց երեխաների համար, միւսները չեն կարողանում դեղորայք գտնել ծայրայեղ հիւանդ ազգականների համար», իր օտար պաշտօնակիցներուն յայտնեց նիստին մասնակցող Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահէ Գէորգեան:

Ան ընդգծեց, որ անտարբերութեան եւ քայլերու չդիմելու գինը շատ բարձր է. Արցախի մէջ ծանր վիճակի խորացումը եւ սովի տարածման վտանգը կը պահանջեն միջազգային հանրութեան պատշաճ եւ արդիւնաւէտ արձագանգը` ապահովելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներու ամբողջական եւ առանց նախապայմաններու իրականացնումը եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքներու յարգումը:

Ան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ սովը եւ մարդոց տանջանքներ պատճառելը պատմութեան մէջ պատերազմի յանցագործութեան վառ օրինակներ եղած են:

Նաեւ ՄԱԿի մօտ Ֆրանսայի մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Նաթալի Պրոտհերսթ իր խօսքին մէջ յիշատակեց այս մէկը` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղին:

Պրոտհերսթ, ընդգծելով, որ խաղաղ բնակչութիւնը դիտաւորեալ սովի մատնելը պատերազմական յանցագործութիւն է, որ պէտք չէ անպատիժ մնայ` կոչ ուղղեց վերացնելու Արցախին մարդասիրական օգնութեան մատակարարման բոլոր խոչընդոտները:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2023, 08:03