Aurora’s Sunrise ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Ֆրեզնոյի համալսարանին մէջ
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի «ՍինէՔալչըր» ծրագիրին եւ Հայագիտական ծրագիրին համագործակցութեամբ, Ուրբաթ, 1 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:30էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Aurora’s Sunrise ֆիլմին ցուցադրութիւնը:
«Օսքար»ի մրցանակաբաշխութեան Հայաստանի պաշտօնական ֆիլմը հանդիսացող Aurora’s Sunrise-ը նաեւ եղած է «Նիւ Եորք Թայմզ»ի «Քննադատի Ընտրանին» ցանկին վրայ եւ ցուցադրուած է առաւել քան 40 միջազգային փառատօներու մէջ։
Aurora’s Sunrise ֆիլմը հիմնուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Օրորա Մարտիկանեանի (Արշալոյս Մարտիկեան) իրական պատմութեան վրայ: «Զօրեան» հիմնարկին՝ Օրորա Մարտիկանեանի հետ իրականացուցած հարցազրոյցի բնօրինակին վրայ հիմնուած այս ֆիլմը կը պատմէ երիտասարդ հայ աղջնակին ողջ մնալու խիզախ պատմութիւնը, զոր աշխարհին ներկայացնելու համար ան յաղթահարեց աներեւակայելի դժուարութիւններ։
Ֆիլմին ցուցադրութենէն ետք, բեմադրիչ Իննա Սահակեան պիտի առաջնորդէ ֆիլմին շուրջ տեղի ունենալիք քննարկումը։
Ֆիլմը պիտի ցուցադրուի համալսարանին «Փիթըրզ» կեդրոնի սրահին մէջ (5010 N. Woodrow Ave.)։
Մուտքը ազատ է, սակայն տեղերը սահմանափակ են, իսկ համալսարանին մօտակայ կանգառները այդ ժամերուն կարելի է ձրիաբար օգտագործել:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ