Եւրոպական Միութիւնը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Լաչինի Միջանցքի վերաբացման. Պորել
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց ու ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել 2 Օգոստոսին հեռաձայնով քննարկեցին Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ահագնացող մարդասիրական ճգնաժամը:
Միրզոյեան շեշտեց Արցախի շրջափակման անյապաղ վերացման հրամայականը՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 Փետրուարի եւ 6 Յուլիսի որոշումներուն համաձայն, եւ Արցախ ուտելիքի, դեղորայքի եւ առաջնային անհրաժեշտութիւն ներկայացնող այլ ապրանքներու մատակարարման հրատապութիւնը:
Ընդգծուեցաւ Արցախ մուտք ունեցող միակ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութեան՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ամբողջական եւ անխափան գործունէութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը:
Միրզոյեան միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտում որակեց Արցախէն բժշկական նպատակով Հայաստան տեղափոխուող Վագիֆ Խաչատրեանի՝ Ատրպէյճանի սահմանապահ ծառայութիւններուն կողմէ առեւանգման դէպքը: Ան ընդգծեց միջազգային գործընկերներուն կողմէ յստակ քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը՝ կանխելու Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղային զտման ուղղուած գործողութիւնները:
Պորել իր զրոյցին մասին «Թուիթըր»ի վրայ կատարած էգրառում մը՝ շեշտելով, որ Եւրոպական Միութիւնը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Լաչինի միջանցքի շտապ վերաբացման՝ Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական օգնութեան փոխադրութիւնը կարելի դարձնելու համար:
«Անկեղծ երկխօսութեան վերադառնալ կարեւոր է, ներառեալ՝ Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերուն միջեւ», գրած Պորել:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ