Պորել. «Լաչինի միջանցքը պէտք է հիմա վերաբացուի, միւս ճամբաները չեն կրնար այլընտրանք ըլլալ»
Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտարարած է, որ Բերձորի միջանցքը պէտք է վերաբացուի հիմա, իսկ մնացեալ ճամբաները, օրինակ Ակնայինը, կրնան վերաբացուիլ իբրեւ ընդհանուր լուծման մաս, ոչ թէ իբրեւ այլընտրանք:
Պորել այս մասին գրած է «Էքս»-ի վրայ` մանրամասնութիւններ հաղորդելով իր եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հեռաձայնային հաղորդակցութեան վերաբերեալ:
«Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ես վերահաստատեցի մտահոգութիւնս մարդասիրական կացութեան առնչութեամբ, որուն կը բախին Ղարաբաղի հայերը: Լաչինի միջանցքը պէտք է վերաբացուի հիմա: Մնացեալ ճամբաները, ինչպիսին է Աղտամինը (Ակնա, «Ա.»), կրնան բացուիլ իբրեւ լուծման մաս, սակայն ոչ իբրեւ այլընտրանք», յայտարարած է Պորել:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ