Պլինքընի տեղակալը կոչ ուղղեց՝ անմիջապէս բանալու Լաչինի եւ միւս ճամբաները
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու նախարարի տեղակալ Եուրի Քիմ կոչ ուղղեց հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն՝ բանալու Լաչինի եւ միւս ճամբաները։
Ան հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ՝ քննարկելով տարածաշրջանային հարցեր:
Քիմ այս մասին գրած է «Էքս»ի իր էջին վրայ՝ դիտել տալով. «Մենք կոչ կ՛ուղղենք բոլոր կողմերուն այժմ աշխատելու միասին` անմիջապէս եւ միաժամանակ բանալու Լաչինի եւ միւս ճամբաները` Լեռնային Ղարաբաղ հասցնելու շատ անհրաժեշտ մարդասիրական մատակարարումները»։
Ան կը յայտնէ, որ ճամբաներու բացումը եւ ուղիղ բանակցութիւնները առանցքային են մնացեալ հարցերը լուծելու համար՝ ողջունելով երեք ուսանողներուն ազատ արձակումը։
Ըստ հայկական կողմին` Միրզոյեան Քիմին ներկայացուց տարածաշրջանին իրավիճակը, յատկապէս Առցախի մէջ: Ան յայտնեց, որ Ատրպէյճան չի գործադրեր իր ստանձնած պարտականութիւնը՝ Լաչինի միջանցքի բացումը: Զրոյցին ընթացքին ընդգծուեցաւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի` Արցախ անխափան մուտքի եւ մարդասիրական գործունէութեան ապահովման կարեւորութիւնը:
Անդրադառնալով Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամին՝ Միրզոյեան ընդգծեց, որ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ իրաւունքներու եւ ապահովութեան երաշխիքներուն շուրջ քննարկումներուն համար անհրաժեշտ է միջազգային գործուն գործիքակազմի մը ներդրումը։
Պաքու իր կարգին յայտնեց, որ Պայրամով ու Քիմ քննարկեցին երկկողմ եւ բազմակողմ համագործակցութեան օրակարգը, տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:
«Պայրամով հանգամանօրէն տեղեկացուց տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակի մասին` նշելով, որ Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի աճող ռազմաքաղաքական սադրանքներու եւ իրավիճակը խեղաթիւրող ձեռնավարութիւններու լոյսին տակ, այդ երկրի քարոզչութիւնը ուղղուած է միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնելու եւ իրականութիւնները ճիշդ ձեւով չցոլացնելու»։
«Անընդունելի է միջամտութիւնը մեր երկրի ներքին գործերուն, որոնց կարգին Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն վերահամարկման ջանքերուն` «բարդ մարդասիրական իրավիճակի» եւ տարածաշրջանին մէջ «շրջափակման» առկայութեան մասին անհիմն պնդումներու պատրուակով», ըսաւ Պայրամով։
Ան դարձեալ մեղադրեց Հայաստանը եւ Արցախը՝ պնդելով, որ անոնք չեն գործադրած բեռնափոխադրումներու նպատակով Աղտամի ու Լաչինի ճանապարհները միաժամանակ օգտագործելու համաձայնութիւնը, ինչ որ աւելի կը բարդացնէ տարածաշրջանի «փխրուն հաւասարակշռութիւնը»:
«Ատրպէյճան իր անխախտ հաւատարմութիւնը յայտնեց տարածաշրջանի վիճակի բնականոնացման օրակարգին, միաժամանակ Պայրամով վճռականօրէն ընդգծեց, որ այդ պարտաւորութիւնը չի վերացներ Ատրպէյճանի իրաւունքը` պաշտպանելու իր տարածքային ամբողջականութիւնը ե ինքնիշխանութիւնը», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Ասոր զուգահեռ, «Ռոյթըրզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտնեց, որ Ատրպէյճան պատրաստ է թոյլատրելու Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին (ԿԽՄԿ) Հայաստանէն օգնութիւն տեղափոխել Լեռնային Ղարաբաղ, եթէ Կարմիր Մահիկի օգնութիւնը նոյն ժամանակ մտնէ այնտեղ:
Ըստ անոր՝ Լաչինի միջանցքը եւ Աղտամի ճամբան կրնան բացուիլ միաժամանակ` իբրեւ փորձառական ծրագիրի մէկ մաս, որ կրնայ թուլցնել լարուածութիւնը եւ յառաջ մղել Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ