Top Karabakh official Vardanyan detained

Ռուբէն Վարդանեան՝ ձերբակալուած. Ատրպէյճանը հաստատած է տեղեկութիւնը

Անոր կինը՝ Վերոնիքա Զոնապենտը, հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ յայտնելով Վարդանեանի ձերբակալման մասին:

27 Սեպտեմբերին, Լաչինի միջանցքին մէջ, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան ատրպէյճանցիներուն կողմէ ձերբակալուեցաւ:

Անոր ձերբակալութենէն ժամէր ետք, Հայաստանի կառավարութիւնը դիմեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին: Երեւան Պաքուէն պահանջեց տեղեկութիւններ տրամադրել Վարդանեանի ձերբակալութեան եւ անոր գտնուած վայրին մասին:

Պաքու տակաւին չյստակացուց, թէ ինչ է անոր ձերբակալութեան պատճառը. արդեօք իրաւապահները անոր նկատմամբ մեղադրանք առաջադրա՞ծ են. անոնք միայն հաստատեցին ձերբակալութեան հանգամանքը:

«27 Սեպտեմբերին, Լաչինի սահմանային անցակէտին մէջ պետական սահմանապահ ծառայութեան զինուորներու զգօնութեան իբրեւ արդիւնք՝ ձերբակալուած է ապօրինի կերպով հանրապետութիւն ժամանած Ռուբեն Կառլենովի Վարդանեանը, որ կը վարէր, այսպէս կոչուած, «պետական նախարարի պաշտօնը», յայտնեց Ատրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութիւն:

Ըստ նոյն ծառայութեան` 53ամեայ Վարդանեան տեղափոխուեցաւ Պաքու:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները նաեւ հրապարակեցին լուսանկար մը եւ տեսանիւթեր, որոնց մէջ կ՛երեւին ատրպէյճանցի իրաւապահները եւ Վարդանեան` ենթադրաբար ձեռնաշղթայով:

«Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութիւնը լուսանկարին մէջ քօղարկած է նախկին պետական նախարարին ձեռքերու բաժինը:

Վարդանեան իր պաշտօնանկութենէն ետք Ատրպէյճանը մեղադրեց արցախահայութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկելու յանցանքով: Ան 19 Սեպտեմբերին, մինչ Ատրպէյճան սկսած էր ռազմական գործողութիւններու, կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան՝ պատժամիջոցներ կիրարկելու Ատրպէյճանի դէմ:

Վարդանեանի ձերբակալութեան մասին առաջին ահազանգողը եղաւ անոր կինը` Վերոնիքա Զոնապենտ` հանդէս գալով յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Ամուսինս` բարերար, գործարար եւ Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանը, ձերբակալուել ու գերեվարուել է Ադրբեջանի իշխանութիւնների կողմից` այսօր առաւօտեան, երբ փորձել է հեռանալ Արցախից` ադրբեջանական բռնազաւթումից մազապուրծ եղած հազարաւոր հայերի հետ: Ռուբէնը արցախցիների կողքին էր շրջափակման 10 ամիսներին եւ նրանց հետ միասին էլ զրկանքներ է կրել գոյութեան համար այդ պայքարում»:

Մինչեւ ձերբակալութիւնը Ատրպէյճան Վարդանեանին վերագրուող որեւէ մեղադրանքի մասին չէր նշած, միայն նախորդ տարուան Նոյեմբերէն սկսեալ, երբ ան պետական նախարար նշանակուեցաւ, Պաքու կը պահանջէր անոր հրաժարականը` գործարարը նկատելով Մոսկուայէն գործուղուած, նոյնիսկ քրէական սակաւապետ:

Վարդանեան պաշտօնէն հեռացուեցաւ ճիշդ 4 ամիս ետք` Փետրուարին, այդ ժամանակուան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանով:

«Ազատութիւն»ը կը հաղորդէ, որ նախքան Վարդանեանի ձերբակալութիւնը Լաչինի միջանցքով անարգել Հայաստան մտաւ Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար, «Միասնական Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Բաբայեան: Նախկին բարձրաստիճան զինուորականը պնդեց, որ ատրպէյճանցի երիտասարդ սահմանապահները չեն ճանչցած զինք:

Վարդանեան Արցախի առաջին պաշտօնեան է, զոր Պաքու ձերբակալեց յարձակումէն ետք, որուն պատճառով Լեռնային Ղարաբաղը զինաթափ եղաւ:  

Աւելի ուշ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պիտի ձեռնարկէ կարելի բոլոր միջոցներուն Վարդանեանի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ անոր վերադարձը ապահովելու համար։ Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեցին արտաքին գործոց նախարարութենէն՝ ընդգծելով, որ այս առումով կ՛ակնկալէ նաեւ Ռուսիոյ եւ այլ միջազգային գործընկերներու աջակցութիւնը:

«Հայաստանի արտգործ նախարարութիւնը բազմիցս շեշտել է Լաչինի միջանցքով Լեռնային Ղարաբաղից Հայաստան անձանց տեղաշարժի անարգել ապահովման հրամայականը», նշեց նախարարութիւնը։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2023, 13:30