Ղարաբաղ, գաղթականներ Ղարաբաղ, գաղթականներ 

«Բանակցութիւններ կ՝ընթանան «Զօրքերի ետքաշման եւ տարհանուած քաղաքացիների վերադարձի ուղղութեամբ». Ստեփանակերտ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը «Թելեկրամ»ի ալիքին վրայ գրած է, որ՝ ի կատարումն ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ ձեռք բերուած ռազմական գործողութիւններու դադրեցման պայմանաւորուածութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները սկսան յանձնել իրենց զէնքերը եւ զինամթերքը:

Ռուս խաղաղապահներուն միջնորդութեամբ, բանակցութիւններ կ՛ընթանան ատրպէյճանական կողմին հետ` զօրքերու նահանջի գործընթաց կազմակերպելու եւ ռազմական գործողութեան պատճառով տեղահանուած քաղաքացիներու` իրենց բնակավայրեր վերադարձը ապահովելու ուղղութեամբ։ Այս մասին հաղորդեց Արցախի տեղեկատուական շտապը:

Ըստ Ստեփանակերտի` միաժամանակ կը քննարկուի նաեւ քաղաքացիներու Արցախ մուտքի եւ Արցախէն ելքի ընթացակարգը:

Ասոր զուգահեռ, «Ռոյթըրզ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան յայտեց, որ ապահովութեան երաշխիքներու կամ համաներման մասին բանակցութիւնները, զորս իբր թէ կ՛առաջարկէ Պաքու, տակաւին յստակ արդիւնքներ չեն տուած։

«Իրավիճակը շատ ծանր է` մարդիկ սոված են, ելեկտրականութիւն չկայ, վառելիք չկայ: Մենք շատ տեղահանուածներ ունենք», ըսաւ ան։

Ըստ Բաբայեանի՝ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ 22 Սեպտեմբերին, Հայաստանէն մարդասիրական օժանդակութիւն բերել, սակայն Լաչինի միջանցքը տակաւին պատշաճ կերպով չի գործեր:

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը «Թելեկրամ»ի ալիքին վրայ գրած է, որ՝ ի կատարումն ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ ձեռք բերուած ռազմական գործողութիւններու դադրեցման պայմանաւորուածութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները սկսան յանձնել իրենց զէնքերը եւ զինամթերքը:

Գործընթացը տեղի կ՛ունենայ ռուս զինուորներուն հսկողութեամբ: Ասոր զուգահեռ, Ղարաբաղի զինուած ուժերը կը հեռանան իրենց դիրքերէն: Այդ մէկը համաձայնեցուեցաւ Եւլախի մէջ տեղի ունեցած հայ-ատրպէյճանական հանդիպման ընթացքին:

Ռուս խաղաղապահները աւելցուցին, որ մինչեւ հիմա, Ղարաբաղի հայերը յանձնած են առաւել քան 800 հրազէններ, նռնակներ, ականանետներ, հակահրասայլային կառավարուող հրթիռներ եւ հակահրասայլային հրթիռային համակարգեր:

Մարդու իրաւունքներու գրասենեակը տեղեկացուց, որ վերջին 2 օրերուն ընթացքին, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը եւ այլ պատկան պետական մարմիններ ստացած են առաւել քան 600 ահազանգեր եւ հարցումներ` գտնելու իրենց ընտանիքի անյայտ կորսուած անդամները եւ հարազատները։

19էն 20 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին թիրախ դարձած են նաեւ քաղաքացիական եւ հասարակական նշանակութիւն ներկայացնող  կառոյցներ: Սակայն, կապի եւ փոխադրութեան բացակայութեան պատճառով, տակաւին կարելի չէ յստակօրէն ճշդել քանդումի տարողութիւնը։

«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Ասկերանի շրջանային վարչակազմի մամլոյ պատասխանատու Անահիտ Պետրոսեան տեղեկացուց, որ Ասկերան քաղաքի յարակից համայնքներէն տարհանուած բնակիչներուն մէկ մասը արդէն քանի օրէ ի վեր կը լուսցնէ Ստեփանակերտի օդակայանի տարածքին, մէկ մասն ալ՝ առաւել ապահով բնակավայրերու մէջ ապրող բարեկամներու տուներուն մէջ:

Ան դիտել տուաւ, որ օդակայանին մէջ մթնոլորտը ճնշող էր, պայմանները ծանր էին յատկապէս այնտեղ գիշերող մանուկներուն եւ օգնութեան կարիք ունեցող տարեցներուն համար՝ նշելով, որ կը սպասեն, որ ելեկտրականութիւնը միացուի եւ իրենք վերադառնան իրենց տուները։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը պատկերացնէ ապագան՝ Պետրոսեան ըսաւ. «Շատ ծանր հարց էք տալիս: Միանշանակօրէն, ցանկութիւնս այստեղ մնալն է, սակայն դեռեւս յստակ ոչ մի պայմանաւորուածութիւն չկայ: Այնուամենայնիւ, եթէ լինեն երաշխիքներ (չնայած որեւէ երաշխիքի արդէն դժուար թէ կարողանանք վստահել), Արցախում մնալու տրամադրութիւնն ու ցանկութիւնն է գերիշխում մօտս: Վտարանդի դառնալ եւ հայրենազրկուել չեմ ուզում»:

Մարտակերտի մէջ բնակող լրագրող Լուսինէ Զաքարեան՝ ներկայացնելով տեղւոյն վրայ տիրող վիճակը` յայտնեց, որ բնակիչները  տակաւին քաղաքին մէջ են:  «Դեռ  պարզ չի, թէ ինչ է լինելու: Հոսանք, գրեթէ կապ չկայ քաղաքում: Մի կերպ շարժական համացանցով եմ կարողանում կապ հաստատել: Ուտելիքը տնամերձ բանջարանոցների բերքով ենք ապահովում, սնունդը պատրաստում ու  հացը թխում ենք վառարանի վրայ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Երբ շուրջբոլորն ադրբեջանցիներ են, անիմաստ է խօսել այն մասին, որ ժողովուրդը կը մնայ»։

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Ստեփանակերտի գրասենեակի հանրային կապերու պատասխանատու Էթերի Մուսայէլեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Մարտունիէն Կարմիր Խաչի միջոցով 9 վիրաւորներ 6 ինքնաշարժներով տեղափոխուեցան Ստեփանակերտ։ Ռազմական գործողութիւնները սկսելէն ի վեր ատրպէյճանցիները Մարտունի եւ Մարտակերտ տանող ճամբաներուն վրայ են, այս շրջաններէն վիրաւորներուը եւ զոհերու մարմինները կարելի չէր դուրս բերել:

Մինչ արցախցիները տագնապով կը սպասեն, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ իրենց ճակատագիրը, Պաքու տեսանիւթեր տարածեց գրաւուած Սարսանգի, Դրմբոնի, բազմաթիւ այլ հատուածներէ: Արցախի գիւղերուն մէջ կան անյայտ ճակատագիրով բազմաթիւ ընտանիքներ եւ մանուկներ. ատրպէյճանցիները ճամբայ չեն բանար, առ այդ, անոնց մասին որեւէ տեղեկութիւն ճշդելու ձեւեր չկան։

Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակի յուշատախտակէն մարդիկ կը հեռացնեն 44օրեայ պատերազմին զոհուած իրենց հարազատներուն նկարները, որպէսզի անոնք ատրպէյճանցիներուն կողմէ չպղծուին։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2023, 08:40