Պլինքըն կոչ ուղղեց Ալիեւին՝ pանալու Լաչինի միջանցքը
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին կրկնեց Լաչինի միջանցքը բանալու՝ Միացեալ Նահանգներու կոչը: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Նախարարը յայտնեց Միացեալ Նահանգներու անհանգստութիւնը` Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման գծով: Ան դարձեալ կոչ ուղղեց՝ վերաբանալու Լաչինի միջանցքը մարդասիրական, առեւտուրի եւ փոխադրութիւններու համար` միաժամանակ գիտակցելով Ատրպէյճանէն յաւելեալ երթուղիներու կարեւորութիւնը։
Պլինքըն ընդգծեց նաեւ երկխօսութեան եւ փոխզիջումի անհրաժեշտութիւնը եւ կողմերուն միջեւ վստահութիւն ձեւաւորելու կարեւորութիւնը՝ խոստանալով Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը խաղաղութեան գործընթացին:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ