Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն  (AFP or licensors)

Պլինքըն կոչ ուղղեց Ալիեւին՝ pանալու Լաչինի միջանցքը

Նախարարը յայտնեց Միացեալ Նահանգներու անհանգստութիւնը` Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման գծով:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին կրկնեց Լաչինի միջանցքը բանալու՝ Միացեալ Նահանգներու կոչը: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Նախարարը յայտնեց Միացեալ Նահանգներու անհանգստութիւնը` Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման գծով: Ան դարձեալ կոչ ուղղեց՝ վերաբանալու Լաչինի միջանցքը մարդասիրական, առեւտուրի եւ փոխադրութիւններու համար` միաժամանակ գիտակցելով Ատրպէյճանէն յաւելեալ երթուղիներու կարեւորութիւնը։

Պլինքըն ընդգծեց նաեւ երկխօսութեան եւ փոխզիջումի անհրաժեշտութիւնը եւ կողմերուն միջեւ վստահութիւն ձեւաւորելու կարեւորութիւնը՝ խոստանալով Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը խաղաղութեան գործընթացին:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2023, 08:30