Ռուսական կարմիր խաչը Ակնայի ճամբով մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած Է Արցախ
Ռուսական Կարմիր խաչը սննդամթերք տեղափոխող բեռնակառք ուղարկած է Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Ակնայի ճամբով: Տեղեկութիւնը տարածեց ազրպէյճանական Կարմիր մահիկը:
Կը նշուի, որ օգնութիւնը նախաձեռնած է Ռուսիոյ կառավարութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն կարիքները բաւարարելու նպատակով:
Շաբաթ օր հաղորդուեցաւ, որ Արցախի իշխանութիւնները արտօնած են Ասկերանի ճամբով ռուսական բեռներու մուտքը Արցախ: Արցախի տեղեկատուական շտապը յայտնած է. «Ռուսիոյ կառավարութիւնը հանդէս եկած է Արցախի Հանրապետութեան մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու նախաձեռնութեամբ` հաշուի առնելով մեր հանրապետութեան մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը: Օգնութիւնը, որ կը պարունակէ ռուսական արտադրութեան կենսական նշանակութեան ապրանքներ, օրերս Արցախ ուղարկուած է ռուսական Կարմիր խաչին միջոցով` այդ կազմակերպութեան մեքենաներով:
«Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, մեկնելով Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող լիակատար շրջափակման հետեւանքով յառաջացած սուր մարդասիրական խնդիրները մեղմացնելու անհրաժեշտութենէն, որոշած են արտօնել Ասկերան քաղաքին ճամբով ռուսական բեռներու մուտքը մեր հանրապետութիւն:
«Միեւնոյն ժամանակ ձեռք բերուած է համաձայնութիւն, ըստ որուն, Բերձորի միջանցքով պիտի վերականգնուին մարդասիրական բեռնափոխադրումները ռուս խաղաղապահներու եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ»:
Հաճիեւ. «Ասիկա Առանձին Գործարք Է Եւ Պէտք Չէ Շփոթել Աղտամ–Խանքենտի, Լաչին Խանքենտի Ճամբաներու
Միաժամանակեայ Բացման Առաջարկին Հետ»
Ազրպէյճանի նախագահի օգնական, աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով վարչութեան պետ Հիքմեթ Հաճիեւ մեկնաբանած է Ռուսիոյ կողմէ մարդասիրական բեռի տեղափոխման նպատակով Ակնայի ճամբով դէպի Ստեփանակերտ ճամբու օգտագործումը:
«Միջազգային լրագրողներու, որոնց շարքին «Ռոյթըրզ»-ի, «Փոլիթիքօ»-ի եւ «Պի.Պի.Սի.»-ի բազմաթիւ հարցումներուն ի պատասխան, կ՛ուզենք բացատրել հետեւեալը. Ռուսիոյ նախաձեռնած պարենային բեռները, ազրպէյճանական Կարմիր մահիկին համաձայնութեամբ, Ռուսիոյ Կարմիր խաչին կողմէ պիտի շարժին Աղտամ (Ակնա)-Ասկերան ճամբով դէպի Խանքենտի (Ստեփանակերտ): Ասիկա առանձին գործարք է եւ պէտք չէ շփոթել Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի մատակարարումներուն համար Աղտամ-Խանքենտի եւ Լաչին-Խանքենտի ճամբաներու միաժամանակեայ բացման առաջարկին հետ», յայտնած է Հաճիեւ:
Ան շաբաթ օր «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է. «Ազրպէյճանը պատրաստ է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին արտօնելու Հայաստանէն օգնութիւն տեղափոխելու Լեռնային Ղարաբաղ, եթէ Կարմիր մահիկի օգնութիւնը նոյն ժամանակ մուտք գործէ այնտեղ»:
Անոր համաձայն, Բերձորի միջանցքն ու Ակնայի ճամբան կրնան բացուիլ միաժամանակ` իբրեւ փորձառական ծրագիրի մէկ մաս, որ կրնայ մեղմացնել լարուածութիւնը եւ յառաջ մղել Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ