ԵԽԽՎ-ի Յանձնախումբը որոշած է դիմել գրասենեակին հրատապ ընթացակարգով Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի շուրջ քննարկումի հարցով
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Իրաւական հարցերու եւ մարդու իրաւունքներու յանձնախումբը Փարիզի մէջ իր գումարած նիստի ընթացքին որոշում տուած է դիմելու ԵԽԽՎ-ի գրասենեակին: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պետաիրաւական յանձնախումբի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեան:
Յանձնախումբը առաջարկած է.
– Հրատապ ընթացակարգով կազմակերպել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդասիրական ճգնաժամի հարցի քննարկում ԵԽԽՎ-ի 2023 թուականի հոկտեմբերեան նստաշրջանի ընթացքին,
– Եւրոպական խորհուրդի անդամ պետութիւններու կողմէ պարտաւորութիւններու կատարման (հսկողութեան) եւ գաղթի, գաղթականներու եւ տեղահանուածներու հարցերով յանձնախումբերուն մէջ կազմակերպել հրատապ կարգով միացեալ լսումներ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդասիրական ճգնաժամին վերաբերեալ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ