Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդ. «Ստանձնեցէ՛ք ձեր պատասխանատուութիւնը եւ ընտրեցէ՛ք հանրապետութեան նոր նախագահը»
Նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը Տիմանի մէջ գումարեց իր ամսական ընթացիկ նիստը, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ խորհուրդը դարձեալ կոչ ուղղած է երեսփոխաններուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը եւ ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահը, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջացնել սահմանադրական իշխանութիւնը եւ երկիրը փրկել իր դիմագրաւած ելեւմտական եւ տնտեսական փլուզումէն, պետականութեան կազմաքանդումէն, ապահովական սպառնալիքներէն, լիբանանեան ազգային որոշումին տիրելու փորձերէն, ինչպէս նաեւ լիբանանցի երիտասարդութեան արտագաղթէն:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը արձանագրեց իր կտրական վերապահութիւնը այն յայտարարութիւններուն վերաբերեալ, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ցամաքային սահմանագծումի միտող միջազգային քայլերու դիմուի:
Խորհուրդը շեշտեց, որ այդ սահմանագծումը կատարուած է միջազգային համաձայնագիրներով, իսկ ներկայիս այդ մասին կարելի չէ անդրադառնալ, որովհետեւ նախագահական դատարկութեան փուլը կը շարունակուի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գործադիր իշխանութիւնը ամբողջական իրաւասութիւններ չունի:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց, որ ապօրինի զէնքը ինքզինք պարտադրէ եւ երկրին մէջ քաոս ստեղծուի` նկատի ունենալով ամէնօրեայ դրութեամբ գործուած ոճիրներն ու աւազակութիւնները:
Խորհուրդը խստիւ քննադատեց օդին մէջ կրակելու իրականութեան պատճառած մարդկային վնասները` կոչ ուղղելով համապատասխան իշխանութիւններուն զսպելու ապօրինի զէնքը եւ օդին մէջ կրակողները ծանրագոյն պատիժներուն ենթարկելու:
Խորհուրդը ցաւ յայտնեց Լիբանանի մէջ տիրող ապրուստի ծանր պայմաններուն համար, յատկապէս պետական պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ զինուորական եւ ապահովական կառոյցներուն պարագային: Այս շրջագիծին մէջ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց իշխանութիւններուն հաւատարիմ մնալու սահմանադրական իրենց յանձնառութիւններուն, ինչպէս նաեւ կատարուելիք բարեկարգումներուն եւ բարգաւաճումին:
Ս. Խաչի տօնին առիթով Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն` աղօթելու Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ