FILE PHOTO: A service member of the Russian peacekeeping troops stands next to a tank in Nagorno-Karabakh

«Ռուսիան, իբրեւ Հայաստանի ամէնէն մօտ բարեկամ եւ դրացի, չի պատրաստուիր լքել հարաւային կովկասը». Դիւանագիտական աղբիւր

ԹԱՍՍ-ի համաձայն, դիւանագիտական աղբիւրը նաեւ աւելցուցած է, որ Ռուսիան Հայաստանի հետ անվտանգութեան եւ տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները կը դիտարկէ «ոչ թէ իբրեւ երկրի մը միւսէն կախեալութիւն, այլ իբրեւ հաւասար, փոխշահաւէտ եւ իր արդիւնաւէտութիւնը ապացուցած գործընկերութիւն»:

Ռուսիան, իբրեւ Հայաստանի ամէնէն մօտ բարեկամ եւ դրացի, չի պատրաստուիր լքել Հարաւային Կովկասը, սակայն Երեւանը պէտք չէ Արեւմուտքի գործիքը դառնայ Ռուսիան դուրս մղելու համար: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է դիւանագիտական աղբիւր մը` մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իտալական «Լա Ռեփուպլիքա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցը:

«Փաստօրէն, անոնք կը փորձեն արհեստականօրէն դուրս մղել Ռուսիան Հարաւային Կովկասէն` Երեւանը օգտագործելով իբրեւ այդ նպատակին հասնելու միջոց: Ռուսիան, իբրեւ Հայաստանի ամէնէն մօտ դրացի եւ բարեկամ, մտադիր չէ հեռանալ շրջանէն: Բայց եւ այնպէս, ասիկա պէտք է ըլլայ երկկողմանի ճամբայ: Հայաստանը նաեւ պէտք չէ Արեւմուտքի գործիքը դառնայ Ռուսիան դուրս մղելու համար», ըսած է անանուն պաշտօնակատարը:

ԹԱՍՍ-ի համաձայն, դիւանագիտական աղբիւրը նաեւ աւելցուցած է, որ Ռուսիան Հայաստանի հետ անվտանգութեան եւ տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները կը դիտարկէ «ոչ թէ իբրեւ երկրի մը միւսէն կախեալութիւն, այլ իբրեւ հաւասար, փոխշահաւէտ եւ իր արդիւնաւէտութիւնը ապացուցած գործընկերութիւն»:

«Մոսկուայի մէջ չափազանց դժգոհ են Հայաստանի ղեկավարութեան վերջին հրապարակային յայտարարութիւններէն, ներառեալ իտալական «Լա Ռեփուպլիքա» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ Հայաստանի վարչապետի յայտարարութիւններէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի 31 օգոստոսի մեկնաբանութենէն: Մոսկուայի մէջ զանոնք կը գնահատեն իրենց կշռոյթով եւ բովանդակութեամբ անընդունելի` սեփական սխալ հաշուարկներու եւ սխալներու պատասխանատուութիւնը Ռուսիոյ վրայ դնելու նկատառումով», ըսած է ԹԱՍՍ-ի զրուցակիցը:

Փաշինեան իր հարցազրոյցին մէջ ըսած էր, որ, «ըստ էութեան, արդէն բաւական երկար ատենէ ի վեր մեր շրջանին մէջ` Հարաւային Կովկասի մէջ է, «մենք կը տեսնենք, որ Ռուսիան ինքնին իր կողմէ ձեռնարկուող կամ չձեռնարկուող քայլերուն բերումով ինք կը հեռանայ շրջանէն», «օր մը ուղղակի կրնան արթննալ եւ տեսնել, որ Ռուսիան այստեղ չէ», ինչպէս նաեւ` «Լաչինի միջանցքը, որ պէտք էր ըլլար Ռուսիոյ խաղաղապահներու հսկողութեան տակ, Ռուսիոյ խաղաղապահներու հսկողութեան տակ չէ: Ինչո՞ւ: Կրնայ երկու պատճառ ըլլալ` կա՛մ Ռուսիան չի կրնար Լաչինի միջանցքին վրայ վերահսկողութիւն պահել, կա՛մ չ՛ուզեր: Երկուքն ալ մեր տեսակէտէն խնդրայարոյց են»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2023, 08:05