ISRAEL-PALESTINIAN-CONFLICT

Շաբթուան մտածումը (ա) Խաղաղութիւնը կը կառուցուի արդարութեան վրայ

Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար ՝ Կարդինալ Փարոլին ըսած է, որ Վատիկան որպէս անաչառ եւ համայնական խաղաղութեան սատարող կողմ կրնայ հանդէս գալ, որպէս միջնորդ եւ իրականութիւն դարձնել հակամարտող կողմերը իրար քով բերելու կարեւոր ձեռքբերումը, որ ներկայ պահուն պարզապէս երազանքի մը տեսքը ունի։

Վատիկան Նիուզի համար գրեց` Սագօ Արեան

Իրաւամբ խաղաղութիւնը կը կառուցուի միայն արդարութեան վրայ։ Այս գաղափարը դարձեալ ուղենշային կը դառնար ի տես Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն։

Արդարեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, որ օրերս ուշագրաւ հարցազրոյց մը տուած էր իտալական մամուլին, խօսելով ստեղծուած իրադրութեան մասին մասնաւորապէս կ՚ըսէր՝ ««Համաս»ի կողմէ Իսրայէլի դէմ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումը անմարդկային է». Կարդինալը նաեւ կը վերանորոգէր Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը` ազատ արձակելու պատանդները։

Ունկնդրէ լուրը

Միւս կողմէ ան ակնարկ կը կատարէր էր Կազայի բնակիչներու անվտանգութեան ու մասնաւորապէս կ՚ըսէր «Կազայի անմեղ բնակչութեան պաշտպանութիւնը մեր բոլորիս մտահոգութեան կիզակէտն է»։

Ի դէպ 7 հոկտեմբերին եղած զարգացումներու առաջին սլաքներուն ուղղութիւնը իսրայէլեան բանակն ու իսրայէլացի անզէն բնակիչներն էին, որոնք կը դառնային թիրախ զինեալներու գրոհներուն։ Ու այդ պահուն, ոչ ոք կը մտածէր, որ Իսրայէլ տէրութիւնը այսքան ծանր հակահարուած մը տալով համարեայ «գետնի հաւասար» պիտի դարձնէր խիտ բնակեցուած ու եղած հարուածներուն հետեւանքով բոլոր տարրական պայմաններէն զրկուած Կազա շրջանը ուր կ՚ապրին շուրջ 2,2 միլիոն պաղեստինցիներ։

Եթէ խորքային հայեացք մը նետենք Վատիկանի կողմէ «Պաղեստինեան խնդիր»ին մասին եղած յայտարարութիւններուն, ապա արագօրէն պիտի հասկնանք, որ Սուրբ Աթոռին համար միշտ ալ առանցքային մօտեցում եղած է 1948 թուականէն ի վեր ծագած այս խնդիրը լուծել բացառապէս երկխօսութեան ճանապարհով։

Այս առումով նորութիւն մը չէ Վատիկանի բարձր խօսքը, որ ցանկացած տարակարծութեան պարագային բռնութեան կիրառումը, զէնքի օգտագործումը, եւ արիւնալի պատերազմները կը համարէ մերժելի, միեւնոյն ժամանակ յիշեցնելով, որ բռնութիւնները անկարող ճանապարհ հարթել ամբողջական լուծումներու երթալու համար։

Այս բոլորը աւելիով կը շեշտուին, երբ կը խօսինք «Պաղեստինեան խնդիր»ին նման խճճուած ու բաւականին բարդ հարցի մը մասին, որն ունի բազմակողմանի երեւելի եւ քուլիսային հիմնադրոյթներ։

Ու հոս է նաեւ, որ խօսք կ՚առաջանայ արդարութեան մասին։ Արդարութիւն մը, որուն հիմքով երկու դարաւոր ժողովուրդները` իսրայէլացիներն ու պաղեստինցիներվ արդար հիմքեր կերտելով, զիրար ճանչնալով ու յարգելով պիտի ապրին ու զարգանան կողք-կողքի։

Այս բոլորը հաշուի առնելէ անդին, հարկ է նշել, որ Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար ՝ Կարդինալ Փարոլին ըսած է, որ Վատիկան որպէս անաչառ եւ համայնական խաղաղութեան սատարող կողմ կրնայ հանդէս գալ, որպէս միջնորդ եւ իրականութիւն դարձնել հակամարտող կողմերը իրար քով բերելու կարեւոր ձեռքբերումը, որ ներկայ պահուն պարզապէս երազանքի մը տեսքը ունի։

Խաղաղութիւն մը, որ հիմնուած պիտի ըլլայ լիարժէք եւ ամբողջական արդարութեան վրայ ամբողջ մարդկութիւնը հեռու կրնայ պահել սարսափելի եւ մահաբեր պատերազմներէ ու ապահովաբար Վատիկանի Սուրբ Աթոռը, այդ գաղափարին եւ այդ սկզբունքներուն ջատագովն է։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2023, 07:52