Ատրպէյճան կեղծ մեղադրանքներով բանտարկեց Արցախի ղեկավարները
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Պաքուի Սապայիլի շրջանային դատարանը քննեց Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի գործերով, Ատրպէյճանի պետական ապահովութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան ներկայացուցած շինծու մեղադրանքները եւ անոնց նկատմամբ խափանման միջոց ընտրեց 4 ամիս ժամկէտով բանտարկութիւնը:
Նշուեցաւ, որ երեքն ալ ձերբակալուեցան Ատրպէյճանի պետական ապահովութեան ծառայութեան աշխատակիցներուն կողմէ եւ տեղափոխուեցան Պաքու. անոնք կը մեղադրուին Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի տարբեր յօդուածներով: Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր:
Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը շինծու մեղադրանքներ առաջադրեց նաեւ Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նկատմամբ: Դատախազութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Յարութիւնեան կը մեղադրուի 9 յօդուածներով՝ իբր թէ Ատրպէյճանի դէմ թշնամական պատերազմ վարելու, վարձկաններ հաւաքագրելու, պատրաստելու եւ ֆինանսաւորելու, ահաբեկչութիւն իրականացնելու եւ այլ յօդուածներով:
Նոյն լրատուամիջոցները յայտնեցին, որ Հոկտեմբեր 2020ին Յարութիւնեան մեղաւոր ճանչցուեցաւ Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածներով եւ անոր նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարուեցաւ: Ան եւս 3 Հոկտեմբերին ձերբակալուեցաւ Ատրպէյճանի պետական ապահովութեան ծառայութեան կողմէ: Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն Յարութիւնեանին կրնայ սպառնալ ցմահ բանտարկութիւն:
Չորս ամիսով Պաքուի մէջ բանտարկուած է նաեւ Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեան, որ կը մեղադրուի երեք ծանր յօդուածներով՝ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումէն մինչեւ ապօրինի զինուած կազմաւորումներու ստեղծում:
Ատրպէյճան նախապէս բանտարկած էր նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը եւ բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը:
Միւս կողմէ, Եւրոպական խորհրդարանը 5 Հոկտեմբերին որդեգրեց բանաձեւ մը, որուն միջոցաւ նաեւ պահանջեց, որ Ատրպէյճան համաներում յայտարարէ 19 Սեպտեմբերին եւ անոր յաջորդող օրերուն Արցախի մէջ ձերբակալուածներուն, որոնց կարգին նախկին պաշտօնեաներուն վերաբերեալ:
Կառոյցը Ատրպէյճանէն պահանջեց նաեւ պաշտպանել ունեցուածքը հայ համայնքի այն ներկայացուցիչներուն, որոնք ստիպուած եղած են հեռանալ Արցախէն:
Աղբիւրը ՝Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ