Տաթեւի վանքը Տաթեւի վանքը  (©mantvydasd - stock.adobe.com)

Հայ քրիստոնէութեան գոյատևումը կենսական եւ կարեւոր է ամբողջ աշխարհի համար․ Ժան Փիեռ Մահէ

Հայաստանն առաջին Թագաւորութիւնն էր, որ Քրիստոնէութիւնը ընդունեց որպէս պետական կրօն։ Անոր երկու հազարամեայ կրօնական, հոգեւոր եւ ճարտարապետական ժառանգութիւնը կը վկայէ Կովկասի մէջ քրիստոնէական ներկայութիւնը կենդանի եւ արմատացած պահելու կարեւորութեան մասին․ Վատիկան Նիուզի Ֆրանսական բաժին
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզի Ֆրանսական բաժինը, 19 Հոկտեմբերին հանգամանալից կերպով անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սեպտեմբերի 19-ին, Պաքուի կողմէ սկսած ռազմական յարձակումէն ետք ստեղծուած իրավիճակին, որուն պատճառաւ «հայկական հողը ճիշտ մէկ մէկ ամիս առաջ 100.000 բնակիչներէն դատարկուեցաւ»՝ վտանգի տակ դնելով նաեւ այդ տարածքներու մէջ դարերու քրիստոնէական ժառանգութիւնը։

Անոր սկիզբը կը յիշեցուի անցեալ կիրակի՝ 15 Հոկտեմբերին Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մտահոգութիւնը «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին համար», ուստի եւ այդ տարածքի մէջ «վանքերը եւ աղօթատեղիները» յարգելու եւ պաշտպանելու Անոր կոչը։

«Հայաստանի հոգեւոր բնօրրանի երկու հազարամեայ քրիստոնէական կրօնական ժառանգութիւնն այժմ ազրպէյճանցիներու ձեռքն անցած է» կը կարդանք յօդուածին մէջ, ուր կը նշուի , որ «2020 թուականի պատերազմէն ետք արդեն Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած է շուրջ 1500 հայկական յուշարձան, որոնցմէ 161 վանքեր եւ եկեղեցիներ։

Ապա կը ներկայացուի ֆրանսացի արեւելագէտ, Կովկասի գծով պատմաբան եւ հայ քրիստոնէութեան մասնագէտ Ժան Փիեռ Մահէին հետ երկարաշունչ հարցազրոյցը, որուն մէջ վերջինս՝ մանրամասն անդրադարձ կը կատարէ հայ ժողովրդի պատմութեան ՝ «Նոյան տապանի երկիրի» կողմէ «Հռոմէն քանի մը տարի առաջ» Քրիստոնէութեան ընդունումէն ի վեր, որմէ ալ, ըստ ֆրանսացի պատմաբանի «սկիզբ առած է Քրիստոնէական ներկայութիւնը պահպանելու և անոր կրօնական ժառանգութիւնը պաշտպանելու գոյաբանական մարտահրաւէրը»։

Իր հետաքրքրական պատմաբանական վերլուծութեան մէջ Ժան Փիեռ Մահէն փաստած է, որ քրիստոնէական ամէնէ հինաւուրց յուշարձանները եւ եկեղեցիները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կառուցուած են եւ եզրայանգած է, որ հայ քրիստոնէութեան գոյատևումը կենսական եւ կարեւոր է ամբողջ աշխարհի համար, քրիստոնէական միտքի յիշողութեան պահպանման համար եւ , որ այդ յիշողութեան վկաները հայ եւ Լեռնային Ղարաբաղի քրիստոնեաներն են։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2023, 11:45