Ռմբակոծում Ռմբակոծում   (AFP or licensors)

Օդէն, ծովէն եւ ցամաքէն կազայի բուռն ռմբակոծումը 5-րդ օրն ըլլալով կը շարունակուի

Իսրայէլեան բանակը նախազգուշացուց, որ զինուորական գործողութիւնները պիտի սաստկանան, անկախ այն հանգամանքէն, որ Իսրայէլի եւ Կազայի մէջ զոհերու թիւը կը շարունակէ աճիլ, եւ աւելի ուշ նշեց. «Կազայի դէմ աննախադէպ յարձակողական գործողութիւններ կը շղթայազերծենք»:

Երէկ` պաղեստինեան Համաս շարժումի շղթայազերծած «Աքսայի Ջրհեղեղ» յանդուգն գործողութենէն ետք ծաւալած բախումներուն 5-րդ օրը` օդէն, ծովէն եւ ցամաքէն Կազայի բուռն ռմբակոծումը շարունակուեցաւ: Կազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ զոհերուն թիւը բարձրացած է 1055-ի, իսկ վիրաւորներունը` 5184-ի:

Իսրայէլեան բանակը նախազգուշացուց, որ զինուորական գործողութիւնները պիտի սաստկանան, անկախ այն հանգամանքէն, որ Իսրայէլի եւ Կազայի մէջ զոհերու թիւը կը շարունակէ աճիլ, եւ աւելի ուշ նշեց. «Կազայի դէմ աննախադէպ յարձակողական գործողութիւններ կը շղթայազերծենք»:

«Մենք չափազանց մեծ կորուստներ կրած ենք, սակայն ատիկա պիտի չխանգարէ մեզ եւ պիտի չտկարացնէ մեր վճռականութիւնը», ըսաւ իսրայէլեան բանակի բանբեր, փոխգնդապետ Ճոնաթան Քոնրիքուս:

Ան յոյս յայտնեց, որ Իսրայէլին աջակցութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ այն ժամանակ, երբ կռիւները աւելի ուժեղ դառնան:

Իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտնեց, որ Համաս տագնապին սկիզբէն ի վեր Իսրայէլի դէմ 4500 հրթիռ արձակած է, իսկ իսրայէլեան բանակը Կազայի մէջ 2329 թիրախներու վրայ յարձակում գործած է:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ յայտնեց, որ բոլոր շրջանները յաւելեալ ուժեր ուղարկած է` նկատի ունենալով քանի մը ճակատներու վրայ զինուորական գործողութիւններու շղթայազերծումը:

Նշենք, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Կալանթ երեքշաբթի գիշեր յայտարարեց. «Դէպի Կազայի դէմ համապարփակ յարձակում կ՛ուղղուինք»: «Այն ինչ որ Կազայի մէջ կար` պիտի չշարունակուի», աւելցուց ան:

Պատասխանելով Կազայի մէջ քաղաքային զոհերու մասին հարցումին` Կալանթ յայտնեց. «Մենք դիտումնաւոր չենք յարձակիր խաղաղ բնակչութեան վրայ: Մենք կ՛աշխատինք ապահովել, որ մեր զինուորական գործողութիւնները կատարուին օրէնքի գերակայութեան եւ պատերազմի օրէնքներուն համաձայն»:

Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի հետ կը քննարկեն Կազայի խաղաղ բնակիչներուն համար անվտանգ միջանցքի գաղափարը:

«Մենք կեդրոնացած ենք այս հարցին վրայ, եւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին, սակայն ատոր մանրամասնութիւնները կը քննարկուին գործող գործակալութիւններու կողմէ, եւ ես չեմ ուզեր այս պահուս հրապարակաւ շատ խօսիլ», Սպիտակ տան մէջ լրագրողներուն ըսաւ Սալիվըն:

«Մեր օդանաւակիրները չուղարկեցինք Համասը դիմակայելու համար, այլ` մագլցումը արգիլելու համար», նշեց ան: Նշենք, որ իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռը, յղում կատարելով Փենթակոնէն պաշտօնատարի մը, հաղորդեց. «Շրջան օդանաւակիր ղրկելը պատերազմին չմիջամտելու պատգամ է, ուղղուած` Հըզպալլային եւ Իրանին»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Աւստրիոյ վարչապետի հետ հանդիպումի աւարտին պնդեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութեան ընդլայնումը առաւել եւս պիտի սրէ կացութիւնը: «Ամերիկեան օդանաւակիրը ի՞նչ գործ ունի Իսրայէլի մէջ: Ինչո՞ւ անիկա կը տեղակայուի այդ երկրին մէջ: Ի վերջոյ, անոնք պիտի գրաւեն Կազան, հարուածներ հասցնեն յարակից տարածքներուն եւ սկսին զանգուածային սպանութիւններ կատարել», ըսաւ Էրտողան:

Թուրքիոյ կրթութեան փոխնախարար Նազիֆ Եըլմազ «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով այն կարծիքը յայտնեց, որ պիտի գայ ժամանակ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին ալ պիտի գնդակահարեն: «Այնպէս պիտի ըլլայ, որ ձեր վրայ ալ պիտի կրակեն», գրեց ան` ի պատասխան Նեթանիահուի հրապարակած տեսանիւթին, ուր պատկերուած են իսրայէլեան օդուժի Կազայի դէմ հարուածները:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլ հասած է ամերիկեան առաջին օդանաւը, որ բեռնաւորուած է արդիական զինամթերքով, որ կ՛արտօնէ ուժեղ հարուածներ հասցնել եւ նոր բեմագրութիւններու պատրաստուիլ: Այդ լրատուամիջոցները նաեւ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան 20 բնակեցման վայրեր քանդուած են, անոնց մեծամասնութիւնը ամբողջութեամբ հրկիզուած է, եւ անոնց մէկ քանին պէտք է ամբողջութեամբ վերակառուցուին` ընդգծելով, որ Կազայի մերձակայ շրջանին կրած վնասները Իսրայէլի պատմութեան մէջ մեծագոյնն են:

«Տը Կարտիըն» հաղորդեց, որ Իսրայէլի օդուժը «ոչնչացուցած է Համասի կողմէ մշակուած յայտնաբերման յառաջադէմ համակարգը, որ կ՛օգտագործուէր Կազայի հատուածին մէջ օդանաւեր յայտնաբերելու համար»:

«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետախուզական ծառայութիւնները կը փորձեն Համասի յարձակումին Իրանի մասնակցութեան ապացոյցներ գտնել:

Հակառակ անոր որ Միացեալ Նահանգներու կարծիքով Իրանը յարձակումին «համամասնակից» է, Ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալիվըն յայտնած է, որ վարչակազմը մինչեւ հիմա Թեհրանի մեղսակցութեան մասին ուղղակի ապացոյցներ չունի: «Մենք կը ձգտինք ստանալ լրացուցիչ տեղեկատուութիւն», լրագրողներուն ըսած է Սալիվըն:

Հետախուզութեան, զինուորականներու եւ Քոնկրեսի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ մասնաւոր կարգով «Սի.Էն.Էն.»-ին կրկնած են Սալիվընի ըսածը, չկան ուղղակի ապացոյցներ:

Պաղեստինեան Համաս շարժումի նախկին, այժմ սփիւռքի գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մեշաալ կոչ ուղղեց ուրբաթ օր պաղեստինցիներուն աջակցութեան ցոյցեր կազմակերպելու ամբողջ իսլամական աշխարհին մէջ: Բացի ատկէ, ան դրացի երկիրներու ժողովուրդներուն կոչ ուղղեց միանալու Իսրայէլի դէմ պայքարին:

«Մենք պէտք է ուրբաթ օր շարժինք դէպի արաբական եւ իսլամական աշխարհի հրապարակներ եւ փողոցներ», ըսաւ Մեշաալ:

Մեշաալ, որ կը գտնուի Քաթար, ընդգծեց, որ Յորդանանի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Եգիպտոսի կառավարութիւններն ու ժողովուրդները աւելի մեծ պարտականութիւն ունին աջակցելու պաղեստինցիներուն:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն Իսրայէլի վրայ Համասի յարձակումը կոչեց «պատերազմի սառնարիւն արարք»: Ան Եւրոպական յանձնակատարի նիստի ընթացքին աջակցութիւն յայտնեց պաղեստինեան նախագիծերուն Եւրոպական Միութեան բազմամիլիոննոց ելեւմտական աջակցութիւնը վերատեսութեան ենթարկելուն:

«Մենք պէտք է սահմանենք այս սարսափը: Եւ ատիկա կրնայ միայն մէկ պատասխան ունենալ: Եւրոպան կ՛աջակցի Իսրայէլին: Եւ մենք ամբողջովին կ՛աջակցինք Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին:

«Կարեւոր է, որ մենք վերատեսութեան ենթարկենք մեր ֆինանսական օգնութիւնը Պաղեստինին: Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորումը երբեք չէ ուղղուած Համասին կամ որեւէ այլ ահաբեկչական կազմակերպութեան: Ուստի մենք այժմ դարձեալ վերատեսութեան պիտի ենթարկենք ամբողջ թղթածրարը` կացութեան զարգացման լոյսին տակ», ըսաւ ան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2023, 09:19