Իսրայէլ պիտի չվերականգնէ Կազայի ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը, մինչեւ որ Համաս ազատ արձակէ գերիները
Մինչ Իսրայէլ 6-րդ օրն ըլլալով շարունակեց բուռն կերպով ռմբակոծել Կազան, Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Իսրայէլ Քաց «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտարարեց, որ Իսրայէլ պիտի չվերականգնէ Կազայի ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը, մինչեւ որ Համասը ազատ արձակէ գերիները:
«Մարդասիրական օգնութիւն Կազայի՞ն: Ոչ մէկ ելեկտրական գիծ պիտի միացուի, ոչ մէկ ջուրի մղիչ պիտի գործէ եւ ոչ մէկ սիթեռն պիտի մտնէ, այնքան ատեն որ առեւանգուած իսրայէլացիները տուն չեն վերադարձած: Ոչ ոք կրնայ մեզի խրատ տալ», գրած է ան:
Մինչ իսրայէլեան բանակը շարունակեց Կազայի հետ սահմանին վրայ յաւելեալ ուժեր կուտակել, իսրայէլեան բանակի բանբեր փոխգնդապետ Ճոնաթան Քոնրիքուս յայտնեց, որ Կազայի դէմ ցամաքային յարձակումը պիտի շղթայազերծուի, «երբ ատիկա յարմար ըլլայ եւ համապատասխանէ մեր նպատակներուն»:
Ան բացատրեց, որ պիտի չզեկուցէ Իսրայէլի ծրագիրներու կամ մտադրութեան մասին: «Պարզ ու հասկնալի է, որ անհրաժեշտ է Համասի ամբողջ զինուորական ներուժը վերցնել համաշխարհային քարտէսէն: Ինչպէ՞ս ատիկա տեղի կ՛ունենայ, ի՞նչ միջոցներով եւ ի՞նչ մարտավարութեամբ, կարելի է ատիկա տեղի ունենայ քանի մը օրէն, թերեւս եւ աւելի շուտ»:
Քոնրիքուս յայտնեց, որ իսրայէլեան օդուժը կը փորձէ հարուածել Կազա գտնուող փապուղիները` հաւաստելով, որ Իսրայէլի բանակը «առաջնահերթութիւն կու տայ Համասի հրամանատարներուն դէմ ուղղուած հարուածներուն»:
Ան նշեց, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները կը կարծեն, որ Համասի մօտ գտնուող գերիները կը պահուին ընդյատակի մէջ: «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ան գերիներու կացութիւնը «չափազանց զգայուն եւ բարդ նիւթ» կոչեց: «Թէեւ Իսրայէլ պատանդներու հետ կապուած որոշակի փորձառութիւն ունէր, ան երբեք նման բանի չէր հանդիպած: Ոչ այս տարողութեամբ», ըսած է Քոնրիքուս:
Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռը երէկ առաւօտեան հաղորդեց, որ իսրայէլացի զոհերուն թիւը բարձրացած է 1300-ի, իսկ «Աքսայի ջրհեղեղ»-ի սկիզբէն ի վեր սպաննուած իսրայէլացի զինուորներուն յայտարարուած թիւը բարձրացաւ 220-ի:
Իսրայէլեան ուժեր երէկ նաեւ Այսրյորդանանի մէջ ներխուժեցին Երիքով, Թուլքարմ եւ Ժենին, ուր շարք մը պաղեստինցիներ ձերբակալեցին:
Կազայի կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը երէկ յայտարարեց. «Կազան աղէտեալ գօտի եղաւ»: Մանուկներու պաշտպանութեան միջազգային շարժումը իր կարգին հաղորդեց. «Իսրայէլ շաբաթ օրուընէ ի վեր Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ 332 մանուկ սպաննեց»:
Դիւանագէտներ երէկ յայտարարեցին, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր Նիւ Եորքի ժամանակացոյցով կէսօրէ ետք ժողով մը պիտի գումարէ` քննարկելու համար Կազայի մէջ Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումին միջեւ տագնապը: Դիւանագէտները նշեցին, որ խորհուրդը տակաւին չէ որոշած, թէ նիստը դռնփակ պիտի ըլլայ:
Մոսկուայի մէջ Իսրայէլի դեսպան Ալեքսանտր պեն Ցվի յայտնեց, որ Իսրայէլ չի պատրաստուիր Իրանի հետ պատերազմելու: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան նաեւ ըսած է, թէ Հըզպալլայի` տագնապին մէջ ներքաշուելու վտանգ կայ:
Դեսպանին համաձայն, Համաս շարժումի ոչնչացումը չի նշանակեր Կազայի ոչնչացում:
Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց խորհրդարանին մէջ յայտնեց, որ «Մեր սեփական պատմութիւնը, Ողջակիզումէն բխող մեր պատասխանատուութիւնը մեզի համար մշտական խնդիր կը դարձնէ պաշտպանել Իսրայէլի պետութեան անվտանգութիւնը»` աւելցնելով, որ Գերմանիան պաշտօնական արգելք պիտի հաստատէ Համասին աջակցող գործունէութեան համար եւ «զերոյական հանդուրժողականութիւն պիտի ըլլայ հակասեմականութեան նկատմամբ»:
Շոլց նշեց, որ Գերմանիան դադրեցուցած է պաղեստինեան տարածքներու զարգացման ուղղուած օգնութիւնը, թէեւ կը շարունակէ մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը:
Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ համաձայնած է Իսրայէլի խնդրանքին` տրամադրելու 2 «Հերոն Թի.Վի. 5» մարտական անօդաչու թռչող սարք: Պաշտպանութեան նախարար Պորիս Փիսթորիուս Պրիւքսելի մէջ ըսած է, որ Իսրայէլ զինամթերք խնդրած է, խնդրանքը պիտի քննարկուի:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Միացեալ Նահանգներու հրէական հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնեց, որ իր երկիրը Իրանին կոչ ուղղած է զգուշ ըլլալու:
Ան ընդգծեց, որ ամերիկեան օդանաւակիրը արդէն տեղակայուած է Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ: Ան ըսած է, որ իր երկիրը նաեւ հալածիչներ կ՛ուղարկէ Միջին Արեւելք:
Սպիտակ տան բանբեր Ճոն Քըրպի նախքան այդ յայտարարած էր. «Եթէ չըլլար Իրանի աջակցութիւնը, Համասը ընդհանրապէս չէր կրնար գործել: Սակայն մենք չենք տեսած որեւէ որոշակի ապացոյց, որ անոնք ուղղակիօրէն ներգրաւուած եղած են շաբաթավերջին տեղի ունեցած ներխուժման ծրագրման կամ ֆինանսաւորման ու նախապատրաստման»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ հասաւ Իսրայէլ: Պաղեստինցի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Նախագահ Ապպաս ուրբաթ օր (այսօր «Ա.») հանդիպում պիտի ունենայ Պլինքընի հետ: Պլինքըն երէկ Թել Աւիւի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ