Մեսրոպեան վարժարան գրական հանդիպում՝ հանրաճանաչ գրող Ալեքսանտր Նաժժարի հետ Մեսրոպեան վարժարան գրական հանդիպում՝ հանրաճանաչ գրող Ալեքսանտր Նաժժարի հետ 

Բացառիկ գրական հանդիպում՝ հանրաճանաչ գրող Ալեքսանտր Նաժժարի հետ

Բացում Մեսրոպեան վարժարանի 85-ամեակի ձեռնարկներուն
Ունկնդրէ լուրը

Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդականի աշակերտները մեծ բախտաւորութիւնը ունեցան ընդունելու անուանի գրող Ալեքսանտր Նաժժարը 10 Հոկտեմբեր, 2023-ին, «Գրական հանդիպումներ» ծրագիրի շրջանակին մէջ:

Աշակերտներուն կողմէ աւանդական աղուհացով դիմաւորումէն ետք, Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ ողջունեց Նաժժարը որպէս իր սերունդի լաւագոյն ֆրանսախօս գրողներէն մէկը ամբողջ աշխարհի տարածքին, որ իր գործերով եւ գործունէութեամբ փայլուն կերպով կը համատեղէ համամարդկային խնդիրներու նկատմամբ ուշադրութիւնը ՝ հարազատ հայրենիքին՝ Լիբանանի մշակոյթը տարածելու առաքելութեան հետ:

Անդրադառնալէ ետք Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներուն, պարոն Գալուստ ըսաւ. «Լիբանանի հայ քաղաքացիներուս համար իրավիճակը տագնապներով լեցուն է նաեւ այլ առումներով. հայ ժողովուրդը, ներառեալ մեր համայնքը եւ անոր մէջ՝ նաեւ մեր աշակերտները, վերջին շաբաթներուն ականատես դարձան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ պատահած այնպիսի իրադարձութիւններու, որոնք անջնջելի խոցեր պիտի յառաջացնեն բոլոր սերունդներու պատկանող մարդոց հոգիներուն մէջ: Այս դէպքերը չէին կրնար մեր մէջ չվերարծածել 1915-ի Հայկական ցեղասպանութեան յիշողութիւնները. անոնք չէին կրնար չվերյիշեցնել անցած դարու մեծագոյն ոճիրին մասին, որ առ այսօր կը մնայ անպատիժ եւ ոճրագործին կողմէ ուրացուած»:

Առ ի գնահատանք որպէս գրող, լրագրող, իրաւաբան եւ ֆրանսախօս աշխարհի մեծ գործիչ Նաժժարի գրական վաստակին, մտաւորականի անոր յանձնառութեան, աշխատասիրութեան ու արդար դատերու նկատմամբ նուիրուածութեան, պարոն Գալուստ Ալեքսանտր Նաժժարին շնորհեց Մեսորպեանի խորհրդանշանը:

Այս տաղանդաւոր գրողին այցը բացառիկ հնարաւորութիւն մըն էր անոր «Պատերազմի դպրոցը» ստեղծագործութեան խորքերը հասկնալու համար, ուր ան ուշագրաւ զգայնութեամբ կը պատկերէ իր անձնական փորձառութիւնը լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի պարունակին մէջ: Այս գիրքին մէջ Նաժժար կը պատմէ, թէ ինչպէս իրեն համար այս հակամարտութիւնը եղած է թէ մղձաւանջ, թէ «կեանքի դպրոց»։

Ալեքսանտր Նաժժարի այցը հնարաւորութիւն մըն էր խորանալու պատերազմի, պատմութեան և մարդու իրաւունքներու մասին աւելի խոր մտորումներու մէջ: Գրողը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Լիբանանի և Արցախի ողբերգական հակամարտութիւններուն՝ ընդգծելով այս ճգնաժամերուն ընթացքին լռութեան մէջ տառապող մանուկներուն ձայն տալու կարեւորութիւնը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ ժողովուրդներու իրաւունքներուն եւ ազատութիւններու ոտնահարման դիմաց մեծ տէրութիւններու լռութեան հարցին։

Մեսրոպեանի Ֆարաճեան հանդիսասրահին մէջ մթնոլորտը լեցուն էր խանդավառութեամբ, քանի որ աշակերտները հնարաւորութիւն ունեցան հեղինակին հարցումներ ուղղելու իր աշխատանքին, ստեղծագործական ընթացքին եւ հոգեհարազատ այլ հարցերու վերաբերեալ։

Աշակերտները, գերուած պարոն Նաժժարի խօսքերով ու պատմածներով, հնարաւորութիւն ունեցան հասկնալու գրականութեան ուժը՝ վկայութիւն տալու և շուքի մէջ գտնուողներուն ձայն տալու առումներով։ Այս եզակի փորձը ցնցող յիշեցում մըն էր պատերազմի ազդեցութեան բազմաթիւ երիտասարդներու կեանքին վրայ եւ խաղաղութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութեան մասին:

Միջոցառումը պսակուեցաւ յաջողութեամբ եւ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ աշակերտներուն վրայ, որոնք խանդավառութեամբ ընդունեցին պարոն Ալեքսանտր Նաժժարի երեք արժէքաւոր խորհուրդները.

1. Մշակել անսասան սէր իրենց երկրին հանդէպ և կապուած մնալ իրենց արմատներուն՝ օրինակ վերցնելով այնպիսի հայտնի գործիչներէն, ինչպիսիք են Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանը և Ամին Մաալուֆը:

2. Խթանել ֆրանսերէնը և ամբողջութեամբ օգտագործել Մեսորպեանի կողմէ առաջարկուող բացառիկ քառալեզուութիւնը՝ գիտակցելով, որ լեզուներու իմացութիւնը կարեւոր արժէք է որեւէ յաջողութեան համար:

3. Կարեւոր ժամանակ տրամադրել ընթերցանութեան, որ էական դեր կը խաղայ լեզուական հմտութիւններ ձեռք բերելու և անձնական և մասնագիտական​​յաջողութիւններու հասնելու գործին մէջ:

Պարոն Նաժժար վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան եւ գործնական մասնակցութիւնը՝ ի խնդիր արդարութեան վերահաստատման:

Հանդիպումին ընթացքին Մեսրոպեանի աշակերտները կատարեցին «Պատերազմի դպրոցը» գիրքին մասին ներկայացում մը. ցուցադրուեցան նաեւ վաւերագրական տեսանիւթեր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթիւնին եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն մասին:

Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդական բաժնի պատասխանատու տիկին Հասնա Ապու Իլիաս երախտագիտութիւն յայտնեց պարոն Ալեքսանտր Նաժժարին՝ իր ոգեշնչող այցին եւ աշակերտներուն հետ իր աշխատանքը, իր կիրքն ու տեսլականը կիսելու համար:

Գրականութիւնը, ինչպէս կը վկայէ այս բացառիկ հանդիպումը, կը մնայ մեզ շրջապատող աշխարհը հասկնալու, ձայնազուրկներուն ձայն տալու, մտորումներու ու գործողութիւններու ոգեշնչման հզօր միջոց՝ այդպիսով մեզ վստահութեամբ առաջնորդելով Վերելքի Ուղիով:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2023, 10:52