Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած երեխաներ Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած երեխաներ  (AFP or licensors)

«ԻԻՆԵՍՔՕ»-ն շտապ առաքելութիւն կ՝ուղարկէ Երեւան բռնի տեղահանուածներուն կրթական աջակցութիւն ցոյց տալու նպատակով

Առաքելութիւնը պիտի երաշխաւորէ Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած աշակերտներուն կրթական շարունակութիւնը ինչպէ նաեւ հոգեբանական աջակցութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հայաստանի խնդրանքով, ԻՒՆԵՍՔՕ-ն յառաջիկայ օրերուն շտապ առաքելութիւն կ՝ ուղարկէ Երեւան օգնելու՝ բաւարարելու համար բռնի տեղահանուածներուն կրթական կարիքները։ Առաքելութիւնը պիտի երաշխաւորէ Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած աշակերտներուն կրթական շարունակութիւնը տրամադրելով անոնց հոգեբանական աջակցութիւն։

Այս մասին հաղորդագրութիւնը հրապարակեց «ԻՒՆԵՍՔՕ»ն, որուն մէջ կը նշուի որ Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած ու Հայաստան հաստատուած աւելի քան 100000 անձերու մէկ երրորդը անչափահասներ են։։

«Երկուշաբթի, 2 հոկտեմբերին, Հայաստանը պաշտօնապէս խնդրեց «ԻՒՆԵՍՔՕ»-ի աջակցութիւնը՝ տեղահանուածները ընդունելու ու կրթական ոլորտէն ներս անոնց օգնելու համար։

«ԻՒՆԵՍՔՕ»-ի ընդհանուր տնօրէն, Օտրէյ Ազուլայ, անմիջապէս դրական արձագանգեց սոյն խնդրանքին» նշուած է «ԻՒՆԵՍՔՕ»ի հաղորդագրութեան մէջ։

Նախատեսուած է որ յառաջիկայ օրերուն ԻՒՆԵՍՔՕ-ն մասնագէտներուն առաքելութիւն ուղարկէ հայաստան, ազգային իշխանութիւններու հետ մշակելու համար գործողութիւններուն ծրագիր մը նպատակ ունենալով երաշխաւորել տեղահանուած աշակերտներուն կրթութեան շարունակութիւնը։

Գործողութիւններու ծրագիրը նպատակաուղղուած է աշակերտներու ուսումի լաւ պայմաններ ստեղծելու ու անոնց տրամադրելու հոգեբանական զօրակցութիւն, զանոնք օգնելու համար յաղթահարելու իրենց առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներ։

Նախատեսուած է, որ ԻՒՆԵՍՔՕ-ն կրթական ոլորտէն ներս հանիդպում ունենայ իր միջազգային բարերարներուն հետ խնդելու համար անոնզ զօրակցութիւնը, ներառեալ ֆինասնական աջակցութիւնը՝ իրակացնելու կամար կրթական ծրագիրները։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2023, 10:41