2023.11.29 Bambini dell'Artsakh in visita a Cipro

Արցախցի 30 Երեխայ Կիպրոս պիտի մեկնի՝ երկրի կառավարութեան հրաւէրով

Այցը պիտի իրականանայ ՀՀ աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութեան եւ Կիպրոսի մէջ ՀՀ դեսպանութեան (նստավայրը՝ Աթէնք) համակարգումով։

Կիպրոսի Հանրապետութեան կառավարութիւնը դրական արձագանգած է Կիպրոսի խորհրդարանէն ներս հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահդեսեանի առաջարկին՝ ընդունելու Արցախէն բռնի տեղահանուած 30 երեխայ (12-17 տ) եւ անոնց ուղեկցող 3 պատասխանատու՝ Կիպրոսի Հանրապետութեան մէջ Դեկտեմբերին 12 օր ժամանց կազմակերպելու նպատակով։ Այս մասին կը յայտնէ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։

Աղբիւրին համաձայն՝ այցը պիտի իրականանայ ՀՀ աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութեան եւ Կիպրոսի մէջ ՀՀ դեսպանութեան (նստավայրը՝ Աթէնք) համակարգումով։

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2023, 08:33