Ազատ արձակուած պաղեսինցի պատանդներ Ազատ արձակուած պաղեսինցի պատանդներ  (ANSA)

Համաձայնութիւն` Կազայի մէջ մարդասիրական ժամանակաւոր զինադադարը երկու օրով երկարաձգելու

Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ կիրակի օր տեղի ունեցած Պայտըն-Նեթանիահու հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին «ղեկավարները համաձայնած են շարունակել աշխատիլ պատանդ վերցուած բոլոր մարդիկը ազատելու ուղղութեամբ»:

Երէկ աւարտեցաւ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ ուրբաթ, 24 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 7:00-էն ուժի մէջ մտած զինադադարի եւ գերիներու փոխադարձ ազատ արձակման գործարքի 4-օրեայ ժամկէտը` ստեղծելով այն հարցականը, թէ զինադադարը պիտի երկարաձգուի՞, թէ՞ Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումները այսօր պիտի վերսկսին:

Մինչ այդ, սակայն, երէկ երեկոյեան Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտարարեց ժամանակաւոր զինադադարի երկու օրով երկարաձգումը: Ան յստակացուց, որ «շարունակուող միջնորդութեան ծիրին մէջ համաձայնութիւն գոյացաւ մարդասիրական զինադադարը երկու օրով երկարաձգելու Կազայի հատուածին մէջ»: Իր կարգին, Համաս շարժումը եւս հաստատեց, որ Քաթարի եւ Եգիպտոսի հետ համաձայնութիւն գոյացած է Կազայի մէջ մարդասիրական ժամանակաւոր զինադադարը երկու օրով երկարաձգելու` նախկին զինադադարի նոյն պայմաններով:

Մինչ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թաժանի կոչ ուղղեցին` երկարաձգելու զինադադարը, Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոկ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Իսրայէլ Կազայի մէջ զինադադարը պիտի երկարաձգէ, եթէ Համաս յաւելեալ իսրայէլացի գերիներ ազատ արձակէ:

Ան ըսաւ, որ զինադադարը Համասի կողմէ իւրաքանչիւր յաւելեալ 10 իսրայէլացի գերիներու դիմաց մէկ օրով պիտի երկարաձգուի:

«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին խօսած է զինադադարի երկարաձգման կարելիութեան մասին` նշելով, որ պիտի ողջունէ զինադադարի երկարաձգումը, եթէ իւրաքանչիւր օր յաւելեալ 10 գերիներու ազատ արձակումը դիւրացուի` «Քաթարի միջնորդութեամբ գոյացած համաձայնագիրի բնօրինակին համաձայն»:

«Պայտընի հետ խօսեցայ եւ անոր յայտնեցի, որ Իսրայէլ զինադադարի աւարտէն ետք Կազայի մէջ իր գործողութիւնները ամենայն ուժգնութեամբ պիտի շարունակէ», ըսած է Նեթանիահու:

Համաս շարժումը իր կարգին յայտնեց. «Ջանք պիտի թափենք քաղաքային արգելափակեալներու թիւի ապահովման համաձայն զինադադարը երկարաձգելու»:

«Զինուորական գերիներու ազատ արձակումը կ՛առնչուի բոլոր պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակման եւ պաշարման վերջ տալուն», նշեց պաղեստինեան շարժումը:

Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքի կոչ ուղղեց` երկարաձգելու զինադադարը եւ զայն դարձնելու մնայուն` նշելով. «Վաղը Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն վերսկսումը տառապանքի բազմապատկում կը նշանակէ»: Մինչ այդ իսրայէլեան կառավարութեան բանբեր մը յայտնեց, որ գերիներու ազատ արձակման աւարտէն ետք զինուորական գործողութիւնները պիտի վերականգնուին:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներու համաձայն, թէ՛ Իսրայէլ, թէ՛ Համաս դժգոհ են ազատ արձակուածներու ցուցակէն:

Քաթարի վարչապետ շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Համաս շարժումը Կազայէն արմատախիլ ընելու Իսրայէլի նպատակը անիրատեսական է»` աւելցնելով. «Համասը պատերազմը շարունակելով քանդելը երբեք տեղի պիտի չունենայ եւ միայն ծայրայեղական հռետորաբանութեան հրահրման պիտի յանգեցնէ»:

Քաթարի վարչապետը զգուշացուց. «Զինադադարը երկարաձգելու ձախողիլը պիտի ընդլայնէ պատերազմին ծիրը եւ քայքայէ շրջանի կայունութիւնը»:

Իսրայէլացի ապահովական պաշտօնատար մը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւնը` Մոսատը կը հիւրընկալէ Քաթարի գաղտնի սպասարկութենէն պաշտօնատարներ` Համասի մօտ գտնուող գերիներու տունդարձի եւ Տոհայի միջնորդութեամբ գոյացած զինադադարի համաձայնութեան այլ կէտերու շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելու համար:

Պաշտօնատարը նշեց, որ քաթարեան գաղտնի սպասարկութեան սպաները շաբաթ օր անորոշ ժամկէտով Իսրայէլ հասած են` աւելցնելով, որ երկու երկիրներու գաղտնի սպասարկութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը «աւանդաբար սերտ է, հակառակ երկու երկիրներուն միջեւ պաշտօնական յարաբերութիւններու չգոյութեան»:

Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ կիրակի օր տեղի ունեցած Պայտըն-Նեթանիահու հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին «ղեկավարները համաձայնած են շարունակել աշխատիլ պատանդ վերցուած բոլոր մարդիկը ազատելու ուղղութեամբ»:

Բացի ատկէ, Պայտըն եւ Նեթանիահու համաձայնած են յառաջիկայ օրերուն այդ հարցին շուրջ իրենց հաղորդակցութիւնները շարունակել:

Պայտըն միեւնոյն ժամանակ «Էքս»-ի վրայ գրած է. «Երկու պետութեան լուծումը միակ ուղին է, որ պիտի երաշխաւորէ թէ՛ Իսրայէլի, թէ՛ ալ Պաղեստինի երկարաժամկէտ անվտանգութիւնը, պիտի ապահովէ, որ թէ՛ իսրայէլացիները, թէ՛ պաղեստինցիները կարենան ապրիլ ազատութեան եւ արժանապատուութեան հաւասար պայմաններու մէջ: Մենք պիտի չհրաժարինք այդ նպատակին հասնելու ջանքերէն»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն կիրակի օր յայտնեց. «Համաս 4 տարեկան ամերիկացի աղջնակ մը ազատ արձակեց, եւ յաւելեալ ամերիկացիներու ազատ արձակումը կը նախատեսենք»:

«Երէկ խօսեցայ Քաթարի իշխան Թամիմ պըն Համատի հետ, եւ ես անոր մասնաւոր կերպով երախտապարտ եմ», ըսաւ Պայտըն:

«Երկու պետութիւններու ստեղծման հիմամբ լուծումը միակ երաշխիքն է ապագայի մը, ուր իսրայէլացիներն ու պաղեստինցիները խաղաղութեամբ ապրին», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

ՄԱԿ-ի պաղեստինցի գաղթականներու օգնութեան եւ աշխատանքներու կազմակերպման գործակալութեան` ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ընդհանուր յանձնակատար Ֆիլիփ Լազարինի ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանի «Ֆէյս տը Նէյշըն» յայտագիրի ընթացքին խօսելով Կազայի մէջ ՄԱԿ-ի շուրջ 108 պաշտօնեաներու սպանութեան մասին յայտնեց, որ Կազայի մէջ ՄԱԿ-ի օգնութեան ցուցաբերման կէտերու վրայ յարձակումները «միջազգային մարդասիրական օրէնքի անտեսում կը նշանակեն»:

«ՄԱԿ-ը տակաւին երբեք այսքան աշխատակից չէ կորսնցուցած», աւելցուցած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞վ պատասխանատուութիւն կը կրէ իրենց կեդրոններուն վրայ յարձակումներուն համար, Լազարինին ըսած է, որ ՄԱԿ-ը ստիպուած պիտի ըլլայ հետաքննութիւն կատարելու:

«Մենք ի վիճակի չենք յստակացնել, թէ ո՛վ կանգնած է իւրաքանչիւր միջադէպի ետին, սակայն ակնյայտ է, որ այստեղ ատիկա միջազգային մարդասիրական օրէնքի եւ քաղաքային բնակչութեան իրաւունքներու աղաղակող արհամարհում է», ըսած է Լազարինի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն իսրայէլեան յարձակումի ձախողութենէն ետք Կազայի բնակիչներու ապագային վերաբերեալ իրենց պատկերացումը պարտադրել, սակայն Կազայի ապագան պաղեստինցիները առանձին կը ճշդեն, առանց որեւէ միջամտութեան կամ արտաքին ցուցմունքներու»:

«Ինչ կը վերաբերի Պաղեստինեան դատին, ապա անցած քանի մը տասնամեակներուն ընթացքին Ամերիկան խնդիրին մաս կը կազմէր եւ ոչ թէ լուծումին, իսկ Կազայի դէմ վերջին պատերազմին մէջ ամերիկեան վարչակազմը իրողապէս այս պատերազմին մաս կը կազմէր, աւելի՛ն, ամբողջ այս պատերազմն էր, եւ կը կարծենք, որ առանց ամերիկեան վարչակազմին այս պատերազմը չէր ծագեր, որովհետեւ կարողութիւնը ունէր Իսրայէլի վրայ ազդելու, որպէսզի այս պատերազմը եւ Կազայի անզէն ժողովուրդին սպանութիւնը տեղի չունենար», ըսաւ ան:

«Ամերիկեան վարչակազմը կ՛ուզէ Ապահովութեան խորհուրդի եւ քաղաքական միջոցներով իրագործել այն, ինչ որ պատերազմին մէջ չկրցաւ իրագործել: Պաղեստինցի ժողովուրդը որեւէ կողմի պիտի չարտօնէ ոչ օրինական նպատակներ իրագործել: Պաղեստինի ճակատագիրը անոր ժողովուրդը կը ճշդէ, եւ ամերիկեան վարչակազմին համար աւելի լաւ է անցեալէն դաս քաղել, եւ եթէ կ՛ուզէ օգնել, ապա պէտք է իրատեսական լուծում առաջարկէ», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը Կազայի մէջ կռիւը վերսկսելու հրատապ կարիք չի զգար, եւ կը զօրակցի յաւելեալ իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակման դիմաց զինադադարի երկարաձգման, իսկ Համաս ցոյց տուաւ, որ հիւսիսային Կազայի մէջ չպարտուեցաւ, նոյնիսկ եթէ այդ տարածքին վրայ անոր վերահսկողութիւնը վնասուեցաւ. անիկա մեծապէս հետաքրքրուած է զինադադարի երկարաձգումով եւ Քաթարին փոխանցեց, որ պիտի փորձէ գործարքի մէջ նշուած դասուն պատկանող յաւելեալ իսրայէլացիներ գտնել:

Իսրայէլեան օրաթերթը նշեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ կռիւ չվերսկսիլը կ՛ընդգրկէ վտանգներ, ներառեալ Համասի կողմէ իր ուժերու վերակազմակերպումը եւ իսրայէլեան բանակի մարտունակութեան մէջ փոփոխութիւններու յառաջացումը, սակայն իսրայէլեան բանակը եւս իր ուժերը հանգստացնելու եւ յաջորդ քայլին պատրաստուելու համար որոշ ժամանակի կարիք ունի:

«Հաարեց» նշեց, որ Համաս զինադադարը կ՛օգտագործէ Կազայի նաեւ հիւսիսային հատուածին մէջ իր ուժը ցուցադրելու` նշելով, որ այդպիսի հարցերը Համասի ղեկավարութեան համար կարեւոր են` ցոյց տալու համար, որ պաղեստինեան շարժումը հիւսիսային Կազայի մէջ պարտութեան չմատնուեցաւ, եւ իր զինեալները կրնայ այդտեղ ուղարկել, հակառակ իսրայէլեան ուժերուն մօտիկ վայրի մը մէջ գտնուելնուն:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել ընկերային ցանցերու վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Զիս անհանգստացուց լսելը, թէ Իսրայէլ, պատերազմի կացութեան մէջ, նոր գումարներ կը տրամադրէ ապօրինի բնակեցման վայրեր կառուցելու համար: Անիկա Իսրայէլը աւելի անվտանգ պիտի չդարձնէ»:

Նշենք, որ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոզէ Մանուէլ Ալպարես երէկ առաջարկեց Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան միջազգային խորհրդաժողով մը գումարել:

Աղբիւրը՝ Ազդդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2023, 08:52