2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (6)` պատրաստեց Սագօ Արեանը

Գաղտնիք չէ, որ հայ մամուլի զարգացման առընթեր կարեւորագոյն դեր ունեցած էին Մխիթարեան հայրերը։ Մխիթարեան հայրերը Վենետիկէն Պոլիս գալով դպրոց կը բանային, ուսուցիչ կ'ըլլային եւ միեւնոյն ատեն հեռուէն մեր կեանքին վրայ կ'ազդէին իրենց հրատարակութիւններով:
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Յարգելիներ, անցեալ հաղորդումով կարճ ակնարկով մը ձեր ուշադրութեան յանձնած էինք, Պոլսոյ մէջ զարգացած հայատառ մամուլին մասին տեղեկութիւններ։ Ու գաղտնիք չէ, որ հայ մամուլի զարգացման առընթեր կարեւորագոյն դեր ունեցած էին Մխիթարեան հայրերը։

Մխիթարեան հայրերը Վենետիկէն Պոլիս գալով դպրոց կը բանային, ուսուցիչ կ'ըլլային եւ միեւնոյն ատեն հեռուէն մեր կեանքին վրայ կ'ազդէին իրենց հրատարակութիւններով: Վենետիկի վանքը ունէր «Բազմավէպ» ամսագիրը, որ լոյս տեսաւ 1843ին եւ մինչեւ հիմա կը շարունակուի: Մեր պարբերաթերթերու նահապետն է: Հիմնադիրը եղած է Հայր Գաբրիէլ Այվազովսքին։

Վենետիկի Մխիթարեանները 18րդ դարու սկիզբէն հաստատուելով Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ (1717), լծուեցան ժրաջան աշխատանքի եւ շատ ծառայութիւններ մատուցին հայոց մշակոյթին ու գրականութեան։ Անոնց գլխաւոր նպատակներէն մէկը եղաւ սկիզբը վերակենդանացնել գրաբար լեզուն եւ այս ուղղութեամբ շատ աշխատեցան, գրաբար հատորներ գրեցին, գիրքեր թարգմանեցին, բառարաններ շինեցին, բայց վերջ ի վերջոյ կեանքը իր պահանջները պարտադրեց եւ աշխարհաբար լեզուն յաղթանակեց ։

Մինչեւ մեր ազգային սահմանադրութեան հռչակումը Մխիթարեանները 100 տարի է արդէն գրական վաստակ ունէին։ Վենետիկի Մխիթարեաններու վաստակը շատ մեծ էր ու գնահատելի։ Անոնց գործը կրնանք հետեւեալ կէտերու մէջ ամփոփել.-

1) Հայ մատենագրական վաստակի հրատարակութիւնը, այսինքն հոս հոն ցրուած հին ձեռագիրները հաւաքեցին, ուսումնասիրեցին, սրբագրեցին եւ հրատարակեցին։

2) Նպաստեցին հայոց պատմութեան ծանօթութեան եւ տարածումին: Այսպէս, իրենց միաբանութենէն յատկապէս հայր Չամչեան գրեց գրաբարով իր եռահատոր «Պատմութիւն Հայոց»ը (Վենետիկ 1784-1786), որ շատ տարածուեցաւ:

3) Մեծ աշխատանք տարին հայ լեզուին վերանորոգումին եւ ուսումնասիրութեան համար։ Նշանաւոր է, օրինակ, հայր Արսէն Այտընեանի աշխարհաբարի քերականութիւնը՝ «Քննական Քերականութիւն Արդի Հայերէն Լեզուի» (Վիեննա, 1866), որ հիմքն է բոլոր ներկայ քերականութիւններուն։ Նշանաւոր է նաեւ «Նոր Հայկազեան» (Վենետիկ, 1836) բառարանը, երկու հատորով, որ կը պարունակէ մեր մատենագրութեան մէջ գործածուած բոլոր բառերը։

4) Թարգմանական աշխատանք կատարեցին, մասնաւորաբար հայացնելով հին յունական եւ լատինական գրականութեան գլուխ գործոցները։

5) Դասագրքեր պատրաստեցին եւ ինքնագիր գրուածներ հեղինակեցին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2023, 08:42