ICCROM-ի Ընդհանուր Ժողովին ներկայացուեցաւ Արցախի պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանութեան հարցը
2էն 3 Նոյեմբերին, Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ Մշակութային արժէքներու պահպանութեան եւ վերականգնման ուսումնասիրութիւններու միջազգային կեդրոնի (ICCROM) Ընդհանուր ժողովի 33րդ նստաշրջանը:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն «Նիուզ»ին յայտնեցին, որ նստաշրջանին, Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կազմեցին նախարարութեան պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան պետ Յարութիւն Վանեան եւ Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանութեան դիւանագէտներ:
Բացման նիստին ներկայ եղաւ նաեւ Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Ծովինար Համբարձումեան:
Վանեան հանդէս եկաւ զեկոյցով եւ ներկայացուց Արցախի պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանութեան հարցերը եւ Ատրպէյճանի վարած շարունակական պետական քաղաքականութիւնը` հայկական հետքը Արցախէն վերացնելու, պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձանները քանդելու կամ ինքնութիւնը կեղծելու վերաբերեալ:
Զեկոյցին մէջ յատկապէս կը շեշտուի, որ միայն միջազգային հեղինակաւոր կառոյցներու ճնշումով եւ գործիքակազմերով կարելի է փրկել հայկական հսկայական պատմամշակութային ժառանգութիւնը: Այս պարունակին մէջ արձանագրուեցաւ, որ նոյն իրավիճակը ժամանակին կար նաեւ Նախիջեւանի մէջ, ուր, դժբախտաբար, կարելի չեղաւ փրկել հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը:
Ներկայացուեցան յստակ փաստեր եւ թիւեր՝ Ատրպէյճանի կողմէ արդէն իսկ կատարուած վանտալութեան դէպքերու եւ յուշարձաններու քանդումներուն վերաբերեալ, յղումներ կատարուեցան շարք մը միջազգային հեղինակաւոր կառոյցներու որդեգրած բանաձեւերուն եւ որոշումներուն, զորս Ատրպէյճան չի կատարեր՝ անարգելով միջազգային իրաւունքը եւ կարգը։
Նստաշրջանին ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ նաեւ համագործակցելու Մշակութային արժէքներու պահպանութեան եւ վերականգնման ուսումնասիրութիւններու միջազգային կեդրոնի (ICCROM) հիմնական 4 ծրագիրներէն մէկուն՝ Ճգնաժամերու ընթացքին մշակութային ժառանգութեան «Առաջին օգնութիւն եւ կայունութիւն» (FAR) նախագիծի ծիրին մէջ` նկատի ունենալով Հայաստանի մէջ վտանգուած եւ սահմանային յուշարձաններու թիւը:
Յստակ նախագիծերու շուրջ քննարկումները պիտի շարունակուին։
Աղբիւը` Արմենփրէս
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ