2018.12.04 Terremoto di Spitak 07.12.1988

35 Տարի Առաջ. Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժը ցնցեց համայն հայութիւնը

Երկրաշարժին կեդրոնը Սպիտակի մօտակայ Նալպանտ գիւղն էր, որուն բնակչութեան մեծ մասը զոհուեցաւ: Սպիտակի 18,500 բնակիչներէն` 4 հազար, իսկ Գիւմրիի 230 հազար բնակիչներէն 17 հազարը զոհուեցան:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ 1988-ին արձանագրուեցան երկու մեծ իրադարձութիւններ` Արցախեան շարժումը եւ Սպիտակի երկրաշարժը: Արցախեան ազատամարտը 1994-ին աւարտեցաւ փայլուն յաղթանակով, որ սակայն 2023-ին յանգեցաւ դրախտանման Արցախի կորուստով: Իսկ Սպիտակի երկրաշարժը` 7 դեկտեմբերին, Խորհրդային Հայաստանի հիւսիս-արեւմտեան հատուածը քանի մը վայրկեանի մէջ աղէտի գօտիի վերածեց:

Երկրաշարժին կեդրոնը Սպիտակի մօտակայ Նալպանտ գիւղն էր, որուն բնակչութեան մեծ մասը զոհուեցաւ: Սպիտակի 18,500 բնակիչներէն` 4 հազար, իսկ Գիւմրիի 230 հազար բնակիչներէն 17 հազարը զոհուեցան:

Երկրաշարժէն կրած կորուստները Հայաստանի համար անդառնալի էին: Երկրաշարժը խլեց շուրջ 25 հազար մարդու կեանք եւ հաշմանդամ դարձուց աւելի քան 50 հազար հոգի: Աւելի քան կէս միլիոն մարդ մէկ օրուան մէջ անօթեւան դարձան:

Երկրաշարժը մեծ հարուած հասցուց երկրի տնտեսութեան` աւերելով արդիւնաբերական 157 ձեռնարկութիւն, ուր կ՛աշխատէր 82 հազար հոգի:

Երկրաշարժի առաջին օրերուն իրավիճակը ահաւոր էր: Մարդիկ կը փորձէին ամէն գնով փրկել կամ գոնէ գտնել հարազատներու մարմինները:

Առաջին անգամ աղէտի գօտի հասան յարակից շրջաններու բնակիչները: Հազարաւոր մարդիկ օրեր շարունակ գիշեր ցերեկ կը փորձէին փլատակներու տակէն հանել ողջ մնացողները: Քաղաքացիներու եւ փրկարարներու ջանքերով փլատակներու տակէն հանուեցան աւելի քան 45 հազար անձեր:

Հայաստանի օգնութեան ձեռք երկարեցին 113 երկիրներու կառավարութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ անհատներ, ինչպէս նաեւ` միջազգային կառոյցներ:

* * *

Երկրաշարժի ճիշդ յաջորդ օրը Մոսկուայէն Հայաստան ժամանեց յատուկ յանձնաժողովը` Խորհրդային Միութեան նախարարներու խորհուրդի նախագահ Նիկոլայ Ռիժքովի ղեկավարութեամբ: Յանձնաժողովը հոգատարութեամբ ու մեծ եռանդով կազմակերպական վիթխարի աշխատանք կատարեց ազգաբնակչութեան օգնութիւն ցոյց տալու, աղէտի հետեւանքները վերացնելու համար: Խորհրդային Միութեան ղեկավար Միխայիլ Կորպաչովը դադրեցուց իր պաշտօնական այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ եւ եկաւ Հայաստան:

Հանրապետութիւն եկան հարիւրաւոր փրկարարներ եւ բժիշկներ: Խորհրդային Միութեան բոլոր հանրապետութիւնները երկրաշարժի առաջին ժամերէն սկսան Հայաստան տեղափոխել դեղորայք, բժշկական եւ  շինարարական սարքաւորումներ, վրաններ, սննդամթերք եւ ապա` շինարարական աշխատանքներ կատարել: 1989 թուականին աղէտի գօտիին մէջ կ՛աշխատէին Խորհրդային Միութեան տարբեր շրջաններէ եկած աւելի քան 40 հազար մասնագէտներ, զինուորներ:

Երկրաշարժի առաջին ժամերէն սփիւռքի հայութիւնը համախմբուեցաւ եւ բազմակողմանի օգնութիւն ցոյց տուաւ իր հայրենակիցներուն: Անոնց կողմէ ստեղծուեցան «ՍՕՍ Արմենի», «Ազնաւուրը Հայաստանին» եւ տասնեակ այլ կազմակերպութիւններ: Բազմաթիւ սփիւռքահայեր շտապեցին հայրենիք` իրենց հետ տանելով սննդամթերք, հագուստ, դեղորայք: Անոնցմէ շատեր` բժիշկներ, հոգեբաններ, շինարարներ եւ  ճարտարապետներ մնացին Հայաստան եւ անմիջականօրէն մասնակցեցան փրկարարական եւ վերականգնողական աշխատանքներուն:

* * *

Երկրաշարժէն տարի մը ետք, «Ազդակ», 7 դեկտեմբեր 1989-ի թիւով եւ «Աղէտը` իբրեւ չափանիշ» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, թէ որքա՛ն մեծ է աւերը, այնքան տկար է դարմանը:

«Ազդակ» կը շարունակէր` ըսելով, որ երկրաշարժին նիւթական վնասը գնահատուեցաւ աւելի քան տասը միլիառ ռուբլիով, որուն մէկ միլիառը միայն, այս կամ այն պիտակին տակ, կեդրոնական իշխանութիւնները յատկացուցին Հայաստանի: Խորհրդային հանրապետութիւնները ընդհանրապէս ունեցան օրինակելի կեցուածք եւ անոնց մեծ մասը մասնակցեցաւ վերաշինութեան գործին:

«Ազդակ» կը նշէր, որ Խորհրդային Ազրպէյճան չյաջողեցաւ թօթափել ցեղամոլութիւնը եւ թշնամական վերաբերմունքի մտայնութիւնը եւ չարախինդ քրքիջով դիտեց Հայաստանի գրեթէ մէկ երրորդ տարածութեան հիմնայատակ կործանումը, բնակչութեան մասնատումը եւ տնտեսութեան քանդումը: Ան երկրաշարժը ուզեց նկատել քաղաքական աքթ, որ կը տկարացնէր հայկական պահանջատիրութիւնը եւ Պաքուէն կը հեռացնէր Լեռնային Ղարաբաղը կորսնցնելու վտանգը:

Շարունակելով` «Ազդակ» կ՛ըսէր, որ սփիւռքի հայութիւնը հակազդեց գիտակից նուիրումով եւ հայկական բոլոր գաղութները անխտիր մասնակցեցան վիրաւոր հայրենիքին փրկութեան գործին: Բայց, նոյնը կարելի չէր ըսել վերականգնումի աշխատանքներուն մասին:

«Ազդակ» կը շեշտէր, որ հայկական Արցախը իրեն յատուկ շռնդալից դաս մը տուաւ համայն հայութեան: Մինչ երկրաշարժէն առաջ հայրենի հայութիւնը հանգանակած եւ Արցախ ուղարկած էր մօտաւորապէս մէկ միլիոն ռուբլի, արցախահայութիւնը հանգանակեց եւ աղէտեալ գօտի ուղարկեց հինգ միլիոն ռուբլի: Ոչ մէկ այլ օրինակ կրնար աւելի ցցուն կերպով արտայայտել համազգային սիրոյ եւ գաղափարական միացումի այն ամրութիւնը, որ կ՛իշխէ մարտնչող արցախահայութեան հոգիներուն մէջ:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր` դիտել տալով, որ մարդիկ կը կերտեն հայրենիքը. եւ այս իմաստով երկրաշարժը եղաւ չափանիշ` հայութեան եւ հայերու հայրենասիրութեան եւ զոհաբերութեան պատրաստակամութեան:

* * *

Երկրաշարժէն տարիներ ետք եւ Արցախի կորուստի ծանրութեան տակ կքած հայութիւնը, թէկուզ թախծոտ, սակայն կը շարունակէ վճռակամ մնալ գոյատեւման ճամբէն խրոխտ կերպով քալելու եւ շարունակելու երթը:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Աղբիւրը` Ազդակ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2023, 08:21