Անթիլիասի մէջ. «Մենք Ղարաբաղի ժողովուրդին հետ ենք, որովհետեւ արդարութեան հետ ենք» շեշտեց Շէյխ Ալի Խաթիպ
Հինգշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2023-ին, աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Լիբանանի շիի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ալի Խաթիպի միջեւ: Հանդիպման վեհափառ հայրապետի կողքին ներկայ էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի պետ Շահան արք. Սարգիսեան եւ կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութեանց պատասխանատու Սարգիս վրդ. Աբրահամեան: Շէյխ Խաթիպի կողքին ներկայ էին միւֆթի շէյխ Ապտել Ամիր Շամսէտտին, շէյխ Մոհամետ Հիժազի, շիի կեդրոնի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Ուասեֆ Աուատ եւ շիի համայնքի գործադիր վարչութեան անդամ Ապտելսալամ Շըքըր:
Ողջունելով շիի համայնքի հոգեւոր պետին այցելութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանք` վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ ինչպէս Լիբանանը բաղկացնող բոլոր համայնքներուն, նոյնպէս շիի համայնքին հետ Լիբանանի հայ համայնքը սիրալիր յարաբերութիւն ունի, գործակցելով այն բոլոր աշխատանքներուն ծիրին մէջ, որոնց նպատակը Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամրապնդումն է եւ երկրին բարգաւաճումը: Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան` վեհափառ հայրապետը շեշտեց կարելի փութով Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ մը ունենալու հրամայականը, որպէսզի նոր կառավարութեան նշանակումով երկիրը իր բնական ընթացքը գտնէ:
Վեհափառ հայրապետը խօսելով Կազայի դէմ Իսրայէլի նախաձեռնած պատերազմին մասին` յիշեցուց, որ հայ ժողովուրդը միշտ եղած է պաղեստինեան արդար դատին կողքին, որովհետեւ արդարութեան ու մարդկային իրաւանց խնդիրը, ինչպէս նաեւ անկախ հայրենիք ունենալը հայ ժողովուրդին պայքարը եղած է միշտ ու կը մնայ: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յիշեց, որ հայ ժողովուրդը աւելիով պատճառ ունի կեցուածք ճշդելու Իսրայէլի նկատմամբ, որովհետեւ նոյն Իսրայէլն է, որ Թուրքիոյ կողքին զինամթերք ու ռազմաքաղաքական աջակցութիւն տուաւ ու կը շարունակէ տալ Ազրպէյճանին: «Պէտք չէ մոռնալ, որ իսրայէլեան ու թրքական զէնքերով մեծ թիւով հայ զինուորներ եւ քաղաքացիներ նահատակուեցան ու վիրաւորուեցան», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:
Ան իր խօսքին մէջ նաեւ յայտնեց, որ իրեն եւ Լիբանանի հայութեան համար զարմանալի երեւոյթ էր, որ երբ Արցախը գրաւուեցաւ, անոր իրաւունքները ոտնակոխուեցան եւ աւելի քան հարիւր հազար հայեր գաղթական դարձան, Լիբանանի կարգ մը համայնքներ, ներառեալ շիի համայնքը, մնացին լուռ, երբ անդին Հայաստանի դրացի ու բարեկամ երկիրը` Իրանը, միշտ մնաց Հայաստանի ամբողջականութեան պահպանման եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն կողքին:
Շէյխ Խաթիպ ուշադրութեամբ հետեւելով վեհափառ հայրապետին պարզած տեսակէտներուն ու մտահոգութիւններուն` ըսաւ, որ «հայ համայնքը, իր բոլոր իւրայատկութիւններով, մեզի համար միշտ կը մնայ սիրելի ու յարգելի: Մենք տեղեակ ենք, թէ Ցեղասպանութենէն ետք հայերը ի՛նչ դժուարութիւններէ անցան եւ եկան Լիբանան` իբրեւ գաղթական, եւ այսօր կազմակերպուած ու կենսունակ համայնք են»: Ակնարկելով Արցախի հարցին` ան ըսաւ, թէ «հակառակ այն իրողութեան, որ Ազրպէյճան շիի դաւանանքին կը պատկանի, մենք արդարութեան հետ ենք, ուստի` Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն հետ»: Ապա, շէյխ Խաթիպ անդրադարձաւ Իսրայէլի կատարած անարգ արարքներուն պաղեստինցի եւ յատկապէս Կազայի ժողովուրդին դէմ: Ան ընդգծեց, որ այսօր քանդումն ու մահը Կազայի մէջ դարձած են ամէնօրեայ ներկայութիւն:
Իր կարգին, շէյխ Խաթիպ շեշտեց հանրապետութեան նախագահի շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու եւ երկիրը ընկերային-տնտեսական տագնապէն դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը:
Պաշտօնական փոխադարձ խօսքերէն ետք, երկու հոգեւոր պետերը նաեւ խօսեցան ընդհանրապէս շրջանը յուզող հարցերու մասին եւ այդ ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը պարզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դերը սփիւռքի մէջ եւ անդրադարձաւ Իրանի հայ համայնքին: Շէյխ Խաթիպ, իր կարգին, յիշեց, թէ ուսանած է Իրանի Քոմ քաղաքին մէջ եւ ծանօթ է Իրանի հայ համայնքին, միաժամանակ յիշելով, որ միջկրօնական երկխօսութեան ընթացքին ան հանդիպած է վեհափառ հայրապետին եւ ծանօթ է անոր ունեցած դերին:
Հանդիպման աւարտին, շէյխ Խաթիպ առաջարկեց, որ Ս. Ծննդեան տօնէն ետք, հոգեւոր պետերու հանդիպում մը տեղի ունենայ շիի համայնքի կեդրոնին մէջ: Վեհափառ հայրապետը ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը:
Երկու հոգեւոր պետերու հանդիպումէն ետք, շէյխ Խաթիպ ներկայ լրագրողներուն ընդհանուր գիծերով պարզեց հանդիպման ընթացքին քննարկուած նիւթերը: Նոյնը յանուն վեհափառ հայրապետին կատարեց Գեղամ արք. Խաչերեան:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ