Wounded Palestinians sit on the floor at Nasser hospital following Israeli strikes in Khan Younis

Պայտըն Նեթանիահուին ուշադրութեան կը յանձնէ Կազայի մէջ քաղաքայինները պաշտպանելու եւ բնակիչները Համասէն անջատելու կարեւորութիւնը

Սպիտակ տունը նաեւ նշեց, որ Պայտըն ողջունած է Կազա յաւելեալ վառելանիւթի մուտքը արտօնելու Իսրայէլի որոշումը, «սակայն շեշտեց, որ անմիջական կարիք կայ բոլոր ոլորտներուն մէջ յաւելեալ օժանդակութիւններու», ինչպէս նաեւ Համասին կոչ ուղղած է Կարմիր խաչին արտօնելու, որ գերիներուն այցելէ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտեց Կազայի մեծ քաղաքներուն մէջ եւ անոնց մերձակայքը ընթացող բուռն կռիւներու ընթացքին քաղաքայինները պաշտպանելու «անմիջական կարիքը»: Այս մասին հաղորդեց Սպիտակ տունը:

Պայտըն 26 նոյեմբերէն ի վեր Նեթանիահուի հետ իր առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կոչ ուղղեց «քաղաքային բնակիչները Համասէն անջատելու համար» մարդասիրական միջանցքներ ստեղծելու:

Սպիտակ տունը նաեւ նշեց, որ Պայտըն ողջունած է Կազա յաւելեալ վառելանիւթի մուտքը արտօնելու Իսրայէլի որոշումը, «սակայն շեշտեց, որ անմիջական կարիք կայ բոլոր ոլորտներուն մէջ յաւելեալ օժանդակութիւններու», ինչպէս նաեւ Համասին կոչ ուղղած է Կարմիր խաչին արտօնելու, որ գերիներուն այցելէ:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ Իսրայէլ, Միացեալ Նահանգներու խնդրանքին հիմամբ, համաձայն գտնուած է Քարամ Ապու Սալեմ սահմանային անցակէտը բանալու` խուզարկելու համար Կազա ուղարկուող մարդասիրական օժանդակութիւնները:

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդատուի օգնական Ճոն Ֆայնըր իր կարգին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին Կազայի մէջ պաղեստինեան իսլամական դիմադրութեան շարժում Համասի դէմ մարտական գործողութիւնները աւարտելու որոշակի ժամկէտ չճշդեց, եւ եթէ պատերազմը հիմա կանգ առնէ, Համաս պիտի շարունակէ սպառնալիք ներկայացնել»:

Ֆայնըր Ուաշինկթընի մէջ անվտանգութեան Ասփըն համախմբումի ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլին որոշակի ժամկէտ չճշդեցինք, իրողութեան մէջ ատիկա մեր դերը չէ, ասիկա անոնց հակամարտութիւնն է: Ատիկա կ՛ըսենք, եւ ունինք ազդեցութիւն, թէեւ Կազայի մէջ գետնի վրայ իրադարձութիւններուն վրայ բացարձակ վերահսկողութիւն չունինք»:

«Իսրայէլ Կազայի մէջ ունի երկու նպատակ` երաշխաւորել, որ Համասը այսուհետեւ չկարենայ Կազայի մէջ իշխել, եւ 7 հոկտեմբերի յարձակումէն ետք Իսրայէլին սպառնալիք չներկայացնէ», աւելցուց ան:

Ֆայնըր ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու կարծիքով` Իսրայէլ տակաւին հարաւային Կազայի մէջ «բազմաթիւ օրինական նպատակներ» ունի, սակայն Իսրայէլ հիւսիսային Կազայի  գործողութիւններուն ընթացքին քաղաքայիններու կեանքերուն «բաւարար հոգատարութիւն» ցոյց չի տար, եւ Միացեալ Նահանգներ կոչ կ՛ուղղեն` բարելաւելու այդ կողմերը:

«Առօրեայ կերպով կ՛աշխատինք եւ օրական ուղղակի կապ կը հաստատենք, ներառեալ այսօր, անկեղծօրէն, նախագահին եւ վարչապետին միջեւ Կազայի բոլոր բաժիններուն մէջ տագնապը կառավարելու ձեւին վրայ, սակայն մասնաւորաբար կեդրոնանալով հարաւին վրայ», աւելցուցած է Ֆայնըր:

Միւս կողմէ, ամերիկեան «Փոլիթիքօ» կայքը, մէջբերելով իսրայէլացի երեք պաշտօնատարներ, հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Իսրայէլին մինչեւ տարեվերջ ժամանակ ճշդած է Համասի դէմ իր պատերազմը աւարտելու»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը կայքին ըսած է. «Պայտընի վարչակազմը մեզի յորդորեց Կազա չերթալու, սակայն ատիկա Համասը ոչնչացնելու եւ գերիները ազատելու միակ ձեւն է»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը իր կարգին «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «իսրայէլեան կառավարութեան փոխանցեց, թէ զոհերուն (քաղաքային զոհերուն, «Ա.») թիւը տակաւին շատ բարձր է»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2023, 09:20