EU-DEFENCE/

Հայաստանի մէջ իրավիճակը աջակցութիւն եւ ուշադրութիւն կը պահանջէ. Պորել

Եւրոպական Միութիւնը որոշեց աւելցնել Հայաստանի մէջ դիտորդական առաքելութեան դիտորդներու թիւը` 138էն հասցնելով 209ի։ «Ասիկա միջոց մըն է բարձրացնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջազգային սահմանի կայունութիւնը», ըսաւ Պորել։

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին եւ Արեւելեան գործընկերութեան (ԱԼԳ) երկիրներու նախարարական հանդիպման մեկնարկին ընթացքին, Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորել լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ Հայաստանի իրավիճակին մասին:

Ան անդրադարձաւ ԱԼԳի անդամ երկիրներուն մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ նշեց, որ «ամբողջ տարածաշրջանը յայտնուած է ծանր իրավիճակի մէջ»: Խօսելով Հայաստանի մասին՝ ան շեշտեց, որ անիկա կը պահանջէ վճռական աջակցութիւն ու ուշադրութիւն, առ այդ պէտք է մտածել, թէ ի՛նչպէս կարելի է աւելցնել այդ աջակցութիւնը եւ ի՛նչպէս օրակարգի վրայ պահել Արեւելեան գործընկերութիւնը։

Ան նաեւ ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը որոշեց աւելցնել Հայաստանի մէջ դիտորդական առաքելութեան դիտորդներու թիւը` 138էն հասցնելով 209ի։ «Ասիկա միջոց մըն է բարձրացնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջազգային սահմանի կայունութիւնը», ըսաւ Պորել։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2023, 08:00