Ատրպէյճանը յայտարարած է` Հադրութի Սբ. Յարութիւն եկեղեցին կը վերականգնէ որպէս աղուանական կոթող
Ատրպէյճանը յայտարարած է Հադրութի Սբ. Յարութիւն եկեղեցին որպէս աղուանական եկեղեցի վերականգնելու մասին։ Այս մասին դիմատետրեան էջին յայտնած է Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդը։
Նշուած է, որ ըստ Հադրութ քաղաքի նորամշակ գլխաւոր հատակագիծի`հնագիտական պեղումներ իրականացնելէ ետք այն պիտի վերականգնուի։
Կը նախատեսուի նաեւ եկեղեցւոյ մէջ ստեղծել «աղուանական» մշակոյթը ներկայացնող թանգարան։
Յիշեցնենք, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի իշխանութիւնները տարբեր պատրուակներով կ՚արգիլեն ԵՈւՆԵՍՔՕ–ի առաքելութեան մուտքը բռնագրաւուած Արցախի տարածքներ։
ԵՈւՆԵՍՔՕ–ի առաքելութիւն չի մեկնիր Լեռնային Ղարաբաղ նաեւ 2023–ի սեպտեմբերին արցախահայերու բռնի տեղահանութենէն ետք։
Աղբիւրը` Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ