2023.12.27   Pacchi consegnati a ex leader Artsakh carcerati a Baku

Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները Պաքուի մէջ կալանաւորուած Արցախի նախկին ղեկավարներուն յանձնած են հարազատներու կողմէ ուղարկուած կապոցները

Խօսքը Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանի եւ Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի մասին է:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները Պաքուի մէջ կալանաւորուած Արցախի նախկին ղեկավարներուն յանձնած են հարազատներու կողմէ ուղարկուած կապոցները: Այս մասին ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի խոշտանգումներու դէմ կոմիտէի փոխնախագահ Էլչին Շիրինովը:

Ան մանրամասնած է, որ խօսքը Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանի եւ Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի մասին է:

«Հանդիպման ընթացքին կալանաւորները գոհունակութիւն յայտնած են պահման պայմաններէն, յայտնած են, որ իրենց համար պարբերաբար զբօսանքներ կը կազմակերպուին, պայմաններ ստեղծուած են ընտանիքի անդամներու հետ ամէն շաբաթեայ հեռաձայնային հաղորդակցութեան համար: Անոնք ապահովուած են անհրաժեշտ գիրքերով, պատկերասփիւռի եւ ելեկտրոնային գրադարանի հասանելիութիւն ունին, ինչպէս նաեւ կրնան մարզասրահէն օգտուիլ: Ընտանիքի անդամներու խնդրանքով անոնց փաստաբան նշանակուած է: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները կալանաւորներուն յանձնած են Հայաստանէն անոնց ընտանիքներուն կողմէ ուղարկուած կապոցները», ըսած է Շիրինով:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2023, 08:57