2021.05.14 Confine Armenia - Azerbaigian a Syunik

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման հարցերով պետական յանձնախումբերու հանդիպում

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն, կողմերը շարունակած են սահմանազատման հարցերու քննարկումը, անդրադարձած են կազմակերպչական եւ ընթացակարգային շարք մը հարցերու:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանին վրայ 30 նոյեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնախումբի հինգերորդ հանդիպումը` Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի նախագահութեամբ:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ը կը տեղեկանայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն, կողմերը շարունակած են սահմանազատման հարցերու քննարկումը, անդրադարձած են կազմակերպչական եւ ընթացակարգային շարք մը հարցերու:

Կողմերը նախնական համաձայնութեան հասած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով հանձնախումբի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնախումբի միջեւ նիստերու եւ միացեալ աշխատանքային հանդիպումներու կազմակերպման եւ կայացման աշխատակարգի բովանդակութեան շուրջ:

Կողմերը պայմանաւորուած են սկսիլ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնախումբի միացեալ գործունէութեան վերաբերեալ կանոնակարգի նախագիծի համաձայնեցման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ համաձայնութեան եկած են աշխուժացնելու յանձնախումբերու հանդիպումներուն կայացումը:

Կողմերը պայմանաւորուած են նաեւ աշխատանքային կարգով նախանշել յանձնախումբերու յաջորդ հանդիպման կայացման ամսաթիւն ու վայրը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2023, 07:57