Որոնել

Գերասիմ Աւետիքի Առաքելեանն ու ընտանիքը Գերասիմ Աւետիքի Առաքելեանն ու ընտանիքը 

Ատրպէյճանցիներու կրակոցէն Հայ զինուոր մը զոհուեցաւ

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը, թէ՝ ատրպէյճանցիներու կրակոցէն հայ զինուոր մը զոհուեցաւ: Այս լուրը «սուտ» որակելով՝ անիկա յատնեց. «Մենք կտրականապես կը հերքենք հայկական կողմի սադրիչ տեղեկատուութիւնը»:

Վայոց Ձորի մարզի Բարձրունի համայնքի սահմանին վրայ, 4 Դեկտեմբերի յետմիջօրէն ժամը 2:35ի շուրջ, ատրպէյճանցիներու արձակազէնի մը կրակոցէն հայ զինուոր մը՝ Գերասիմ Աւետիքի Առաքելեան զոհուեցաւ: 

Բարձրունի համայնքի ղեկավար Արսէն Ալեքսանեան յայտնեց, որ կրակոցները սահմանային դիրքերուն ուղղութեամբ եղած են, իսկ գիւղին մէջ միայն ձայներ լսած են: Ըստ «Ազատութեան»՝ զոհուած զինուորը պայմանագրային էր:

Պաշտօնական Երեւան խստօրէն դատապարտեց ատրպէյճանական կողմի՝ «նոր էսկալացիա (մագլցում) հրահրելու, խաղաղութեան գործընթացը ձգձգելու եւ այն փակուղի մտցնելու նպատակ ունեցող գործողութիւնները»:

«Սահմանին նման սադրանքներ իրականացնելով, ինչպէս նաեւ տարբեր միջազգային դերակատարների՝ բանակցութիւնները շարունակելու առաջարկները շարունակաբար մերժելով՝ ադրբեջանական կողմը փորձում է ձգձգել խաղաղութեան գործընթացը եւ այն մտցնել փակուղի», կ՛ըսուի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: 

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը  հերքեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը, թէ՝ ատրպէյճանցիներու կրակոցէն հայ զինուոր մը զոհուեցաւ: Այս լուրը «սուտ» որակելով՝ անիկա յատնեց. «Մենք կտրականապես կը հերքենք հայկական կողմի սադրիչ տեղեկատուութիւնը»:

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան  յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, մեկնաբանելով հայ զինուորականին մահը՝ առանց դատապարտելու Պաքուն՝ գրած է հետեւեալը. «Մտահոգիչ հաղորդագրութիւն՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին կրակոցներու եւ մահուան դէպքերու մասին: Եւրոպական Միութիւնը միշտ կը համագործակցի Պաքուի եւ Երեւանի հետ: Տեղւոյն վրայ հանդարտութիւնը կարեւոր է, որպէսզի որոշիչ յառաջընթաց արձանագրուի բանակցութիւններու սեղանին շուրջ»:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2023, 07:40