Ատրպէյճանցիներու կրակոցէն Հայ զինուոր մը զոհուեցաւ
Վայոց Ձորի մարզի Բարձրունի համայնքի սահմանին վրայ, 4 Դեկտեմբերի յետմիջօրէն ժամը 2:35ի շուրջ, ատրպէյճանցիներու արձակազէնի մը կրակոցէն հայ զինուոր մը՝ Գերասիմ Աւետիքի Առաքելեան զոհուեցաւ:
Բարձրունի համայնքի ղեկավար Արսէն Ալեքսանեան յայտնեց, որ կրակոցները սահմանային դիրքերուն ուղղութեամբ եղած են, իսկ գիւղին մէջ միայն ձայներ լսած են: Ըստ «Ազատութեան»՝ զոհուած զինուորը պայմանագրային էր:
Պաշտօնական Երեւան խստօրէն դատապարտեց ատրպէյճանական կողմի՝ «նոր էսկալացիա (մագլցում) հրահրելու, խաղաղութեան գործընթացը ձգձգելու եւ այն փակուղի մտցնելու նպատակ ունեցող գործողութիւնները»:
«Սահմանին նման սադրանքներ իրականացնելով, ինչպէս նաեւ տարբեր միջազգային դերակատարների՝ բանակցութիւնները շարունակելու առաջարկները շարունակաբար մերժելով՝ ադրբեջանական կողմը փորձում է ձգձգել խաղաղութեան գործընթացը եւ այն մտցնել փակուղի», կ՛ըսուի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը, թէ՝ ատրպէյճանցիներու կրակոցէն հայ զինուոր մը զոհուեցաւ: Այս լուրը «սուտ» որակելով՝ անիկա յատնեց. «Մենք կտրականապես կը հերքենք հայկական կողմի սադրիչ տեղեկատուութիւնը»:
Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, մեկնաբանելով հայ զինուորականին մահը՝ առանց դատապարտելու Պաքուն՝ գրած է հետեւեալը. «Մտահոգիչ հաղորդագրութիւն՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին կրակոցներու եւ մահուան դէպքերու մասին: Եւրոպական Միութիւնը միշտ կը համագործակցի Պաքուի եւ Երեւանի հետ: Տեղւոյն վրայ հանդարտութիւնը կարեւոր է, որպէսզի որոշիչ յառաջընթաց արձանագրուի բանակցութիւններու սեղանին շուրջ»:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ