2023.12.29 Attacco contro quartiere armeno di Gerusalemme

Զինեալներ յարձակեցան Երուսաղէմի հայկական «Կովերու Պարտէզ»ին վրայ

Ելեկտրահարող սարքերով, մետաղէ ձողերով եւ քարերով զինուած յարձակողները հայհոյանքներով մուտք գործեցին տարածքը պաշտպանող հայ համայնքի անդամներուն եւ հոգեւորականներուն վրայ, որոնց մէջ կային եպիսկոպոսներ, քահանաներ եւ սարկաւագներ:

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍԸ ՓՐԿԵԼՈՒ ԿՈՉ

Հայաստանի նախկին Մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ «Թաթոյեան» հիմնարկի տնօրէն Արման Թաթոյեան կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի կէսօրին, մօտաւորապէս 30 դիմակաւոր եւ զինեալ անձեր ներխուժեցին Երուսաղէմի Հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» կոչուող վայրը:

Ելեկտրահարող սարքերով, մետաղէ ձողերով եւ քարերով զինուած յարձակողները հայհոյանքներով մուտք գործեցին տարածքը պաշտպանող հայ համայնքի անդամներուն եւ հոգեւորականներուն վրայ, որոնց մէջ կային եպիսկոպոսներ, քահանաներ եւ սարկաւագներ:

Հրապարակուած տեսանիւթերէն յստակօրէն կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս զինուած դիմակաւոր անձերը հարուածներ կը հասցնեն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ հայ հոգեւորականներուն, որոնց մէջ արձանագրուեցան վիրաւորներ, ոմանք՝ ծանրօրէն:  Յատկանշական է նաեւ, որ յարձակումի ենթարկուած հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն երկուքը ձերբակալուեցան, յարձակումը իրականացուցած զինուած խումբի կարգ մը անդամներու կողքին:

«Ըստ ահազանգերի՝ թէեւ ոստիկանութիւնը «Կովերի պարտէզ» կոչուող վայրից գտնւում է ընդամէնը 100 մետր հեռաւորութեան վրայ, ոստիկանութիւնը ժամանել է 20 րոպէ ուշացումով: Այս յանցաւոր արարքը զինուած յարձակում է ոչ միայն հայ համայնքի, այլ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան եւ Հայկական թաղամասի նկատմամբ՝ կենսական վտանգ ստեղծելով։ Մենք նշուած հարցերը քննարկել ենք Երուսաղէմի հայ համայնքի հետ եւ անմիջական կապի մէջ ենք նրանց հետ՝ իրավիճակի հետ կապուած: Նշուած բոլոր տեղեկութիւնները հաստատել են նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները», կը գրէ Թաթոյեան:

«Հայ երիտասարդներն ու անակնկալի եկած հայ հոգեւորականներն իսկական մարտի են բռնկուել սրանց (յարձակողներուն) դէմ՝ համարժէք պատասխանելով ու պահելով տարածքը՝ մինչեւ ոստիկանները ուշացումով կը յայտնուէին դէպքի վայրում», կը փոխանցէ «Նիուզ»ը: 

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը, ազդարարելով, որ պատրիարքարանի գոյութիւնը վտանգի տակ է՝ կոչ կ՛ընէ Իսրայէլի կառավարութեան եւ միջազգային համայնքին, որ միջամտելով՝ փրկեն Հայկական թաղամասը բռնի կործանումէն։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/12/2023, 07:44