Հարպոյեան վարժարան Հարպոյեան վարժարան 

Տօնական օրերու ընդառաջ. Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ»վարժարանի իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը՝ Պէյրութի մէջ

Վարժարանի պատասխանատուները երկար մտածելէ ետք եկած են այն համոզման, որ տօնական օրերուն ընդառաջ լաւ պիտի ըլլար խնամք տալ, եւ յարդարել այն հայրենակիցներուն վարսերը, որոնք տարբեր պատճառներով կարելիութիւնը չունին այցելելու վարսայարդարներու։

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ» վարժարանը գլխաւորութեամբ տնօրէն՝ Տիար Արամ Գարատաղլեանի հանդէս եկած է իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ մը հասնելու համար քաղաքի հայահոծ շրջաններու կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն։

Վարժարանի պատասխանատուները երկար մտածելէ ետք եկած են այն համոզման, որ տօնական օրերուն ընդառաջ լաւ պիտի ըլլար խնամք տալ, եւ յարդարել  այն հայրենակիցներուն վարսերը, որոնք տարբեր պատճառներով կարելիութիւնը չունին այցելելու վարսայարդարներու։

Եւ այդպէս կոչ եղած է, բոլոր այն վարսայարդարներուն, որոնք ինչ որ կերպ կապ ունին վարժարանին հետ, որպէս կիրակի դեկտեմբերին հասնին Սուրբ Խաչ վարժարանի շրջափակ ուր տեղւոյն սրահին մէջ կարելիութիւններ ստեղծուած են նման աշխատանք մը իրականացնելու։

Գործին յաջողութեան համար կարեւոր նպաստ բերած է Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան երիտասարդ միաբաններէն՝ Հ. Սահակ վրդ. Քէշիշեանը, որ սիրայօժար ստանձնած ու կապը եղած է մէկ կողմէ կարիքաւոր ընտանիքիներուն եւ միւս կողմէ վարժարանի պատասխանատուներուն միջեւ։

 Արագօրէն կազմակերպուած է մեր հայրենակիցներու փոխադրութիւնը դէպի Զալքա, ուր տօնական մթնոլորտի մը մէջ  դպրոց ժամանած վարսավիրները մեծ ուրախութեամբ կատարած են իրենց նուիրական քայլը եւ յարդարած մեր հայրենակիցներուն վարսերը։ 

Վարժարանին մէջ բուրած է իրարօգնութեան նուիրական մթնոլորտ մը, որ նաեւ արգասիքն է քրիստոնէական իսկական արժէքներուն, այն պահուն, երբ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը կ՚անցնին տնտեսական ամենասուր տագնապներէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2023, 09:19