Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորին հետ քննարկած է Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայերու վերադարձի հարցը
Դեկտեմբեր 4-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ժոֆրուա Տիտիէն՝ ուղեկցութեամբ ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըգոդինյիի։
Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց պատգամաւոր Ժոֆրուա Տիտիէին հայանպաստ դիրքորոշումներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոխորհրդարանին՝ ի պաշտպանութիւն արցախահայութեան արդար իրաւունքներու կատարուած յայտարարութիւններուն ու որդեգրուած բանաձեւերուն առնչութեամբ։
Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ազրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւններուն, որոնց հետեւանքով հայաթափուեցաւ Արցախը, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւման ու որդեգրած յարձակողական քաղաքականութեան։
Զրոյցին ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը անդրադարձաւ մինչ օրս ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու վերադարձման եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն՝ այդ ուղղութեամբ կարեւոր համարելով միջազգային ատեաններու գործուն քայլերու ձեռնարկումը։
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ժոֆրուա Տիտիէն Նորին Սրբութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստան իր այցին ընթացքին մօտէն ծանօթացած է հայրենազրկուած արցախահայութեան ծանր կացութեան։ Այս առիթով Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորը հաւաստիացուց, որ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ ջանքեր ներդնել ի նպաստ արցախահայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Հայաստանի անվտանգային խնդիրներու յաղթահարման։
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան «Կովերու պարտէզ» կալուածքի վարձակալութեան շուրջ ստեղծուած իրադարձութիւններուն։ Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնած է ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպանին խնդրին առնչութեամբ կատարած կոչին համար։
Աղբիւրը` Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ