2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (11)` պատրաստեց Սագօ Արեանը

19րդ դարու մեր նոր թարգմանիչները կատարեցին նոյնքան կարեւոր եւ բախտորոշ գործ մը, որքան ըրած էին ոսկեդարու թարգմանիչները։ Սերունդներ ամբողջ այս թարգմանութիւններէն ստացած են իրենց մտաւոր եւ հոգեկան սնունդը։ Մինչեւ այսօր ալ անոնցմէ շատեր ընթերցանութեան նիւթ կը հայթայթեն մեր հասարակութեան։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ինչ խօսք, որ գրականութեան զարթօնքի պարագային մեծագոյն դեր մը վստահուած է թարգմանութեան  աշխատանքին։ Ու այդ ոլորտին ճամբով է, որ նոր մտքեր, նոր գաղափարներ եւ նորագոյն թարմացումներ  մէջտեղ կը հանուին։

 Եւ այդ առումով ալ յարգելի ունկնդիրներ, այս եւ յաջորդող երկու յայտագիրներուն ընթացքին կը խօսինք Հայ Գրականութեան զարթօնքի շրջանի թարգմանական աշխատանքներուն ու այդ աշխատանքներուն ոգի եւ կեանք տուող նուիրեալներուն մասին։

 Ինչպէս նշեցինք, թարգմանական գրականութեան շատ բան կը պարտի մեր ազգային եւ գրական զարթօնքը նաեւ գաղափարներու հարստացման եւ գեղարուեստական ճաշակի կազմութեան տեսակէտէն։ Հայերէնի թարգմանուած եւրոպացի մեծարժէք հեղինակներու գործերուն ընդմէջէն հայութիւնը հաղորդուեցաւ արեւմուտքի յառաջադէմ գաղափարներուն։

Իսկ գրական ռոմանթիկ դպրոցին ազդեցութիւնը մեր մէջ մուտք գործած է գրեթէ ամբողջապէս Վ. Հիւկոյի, Կէօթէի, Լամարթինի, Միւսէի եւ այլ մեծ ռոմանթիկներու երկերուն Հայերէնի վերածման ճամբով։

19րդ դարու մեր նոր թարգմանիչները կատարեցին նոյնքան կարեւոր եւ բախտորոշ գործ մը, որքան ըրած էին ոսկեդարու թարգմանիչները։

Սերունդներ ամբողջ այս թարգմանութիւններէն ստացած են իրենց մտաւոր եւ հոգեկան սնունդը։ Մինչեւ այսօր ալ անոնցմէ շատեր ընթերցանութեան նիւթ կը հայթայթեն մեր հասարակութեան։

Ստորեւ կը ներկայացնենք թարգմանիչներու գլխաւոր դէմքերը։

Մատթէոս Մամուրեան

Ծնած Իզմիր 1830ին։ Ուսումը ստացած է Փարիզի Մուրատեան վարժարանը։ Թարգմանած է Կէօթէի «Վերթերը», Էօժէն Սիւի «Գաղտնիք Փարիզուն», Ալեքսանդր Տիւմայի «Երեք հրացանակիրները», «Քսան տարի ետքը», «Պրաժլոն դերկոմսը», «Ամօրին», Ուոլթըր Սքոտի «Իւանօէն», Ժիւլ Վերնի «Աշխարհի շրջանը ութսուն օրուան մէջ» եւ «Խորհրդաւոր կղզին» :

Մ. Մամուրեան իբրեւ խմբագիր հրատարակած է «Արեւելեան Մամուլ»ը 1871էն մինչեւ իր մահը, ամբողջ երեսուն տարի։

Իր թարգմանութիւններով եւ յօդուածներով մեծ նպաստ բերած է աշխարհաբարի զարգացման, նախընտրելով միշտ խօսակցական կենդանի լեզուի ձեւերը։ Իր լեզուին հիմնական յատկանիշերն են՝ պարզութիւն, յստակութիւն եւ արուեստագէտի շնորհք ։

Գրիգոր Չիլինկիրեան

Ինքնաշխատութեամբ զարգացումի տիրացած ու հայերէնէ ու թրքերէնէ զատ սորված է նաեւ յունարէն, իտալերէն եւ ֆրանսերէն ։

Արմենակ Հայկունիի հետ Իզմիրի մէջ հրատարակած է «Ծաղիկ» թերթը, 1861էն մինչեւ 1867։

Թարգմանած է Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառները», Էօժէն Սիւի «Մաթիլտ»ը, Ապէ Փրեւոյի «Մանոն Լեսքօ»ն, Լամարթինի «Ռաֆայէլ»ը, Ալֆրէտ տը Միւսէի «Դարուս մէկ զաւկին խոստովանանքը» եւ ուրիշ գործեր, որոնք քսանեօթը հատոր կը կազմեն:

Չիլինկիրեան գրած է նաեւ «Ուղեւորութիւն ի Կ. Պոլիս» հատորը (տպուած 1883ին), որ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կու տայ այն ատենուան Պոլսոյ հայոց կեանքի մասին։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2023, 08:58