Միշել. «Ղարաբաղի հայերու իրաւունքները պէտք է երաշխաւորուին Ազրպէյճանի սահմանադրութեան ծիրին մէջ
Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է երաշխաւորուին Ազրպէյճանի սահմանադրութեան ծիրին մէջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած բացառիկ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ այդ հարցին շուրջ Պաքուի ղեկավարութեան հետ բանակցութիւնները:
«Կը կարծենք, որ հայերը պէտք է վերադառնալու իրաւունք ունենան կամ գոնէ կարենան այցելել Ազրպէյճանի այդ հատուած, եւ անոնց անվտանգութիւնն ու իրաւունքները պէտք է երաշխաւորուած ըլլան: Փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան մասով կան միջազգային չափանիշներ, որոնք պէտք է յարգուին Ազրպէյճանի սահմանադրութեան համաձայն, որուն ծիրին մէջ ալ պէտք է փոքրամասնութիւններու այդ իրաւունքները երաշխաւորուին», ըսած է Միշել:
«Հայկական կողմը ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք կը պնդէր, թէ Ղարաբաղի հայերուն պէտք է անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պահպանման միջազգային երաշխիքներ տրուին: Խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ այդ հարցին անդրադարձ կա՞յ, թէ՞ Ղարաբաղի հայաթափումէն ետք անիկա կորսնցուցած է հրատապութիւնը», «Ազատութեան» այս հարցումին Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը արձագանգած է, որ չ՛ուզեր խորանալ մանրամասնութիւններու մէջ, միեւնոյն ժամանակ ընդգծած, որ այդ հարցով երաշխաւորը պէտք է Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ըլլան:
«Մենք այս նիւթով շատ կը հաղորդակցինք Ազրպէյճանի նախագահին հետ, որպէսզի բարձրացնենք աչալրջութիւնը եւ փորձենք Ազրպէյճանի իշխանութիւնները համոզել ցոյց տալ, որ իրենք կ՛ուզեն պաշտպանել փոքրամասնութիւնները եւ երաշխաւորել, որ միջազգային չափանիշները պահպանուին: Այս է քաղաքական բանավէճը, որ ունինք, եւ ես անկեղծօրէն յոյս ունիմ, որ մենք կրնանք յառաջընթաց արձանագրել Եւրոպական Միութեան համար գերակայ հարցին մէջ», նշած է Շարլ Միշել:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ