Ժաք Տըլոր մ Ժաք Տըլոր մ 

Եւրոպական յանձնաժողովի նախկին նախագահ, Եւրոն ստեղծող Ժաք Տըլոր մահացաւ

Ընկերվարական Ժաք Տըլոր 1981-1984 թուականներուն նախագահ Ֆրանսուա Միթերանի կառավարութեան մէջ կը վարէր ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնը:

98 տարեկանին Փարիզի իր տան մէջ մահացած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախկին նախագահ, եւրոն ստեղծող Ժաք Տըլորը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանս 24»-ը` նշելով, որ այդ մասին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է Տըլորի դուստրը` Մարթին Օպրին:

Ընկերվարական Ժաք Տըլոր 1981-1984 թուականներուն նախագահ Ֆրանսուա Միթերանի կառավարութեան մէջ կը վարէր ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնը:

Ան իր մրցակիցներուն վրայ մեծ առաւելութիւն ունենալով հանդերձ 1995-ին հրաժարած էր մասնակցիլ նախագահական ընտրութիւններուն:

«Ես չափազանց մեծ ցանկութիւն ունէի մնալու անկախ: Եւ ես չեմ ափսոսար ատոր համար, սակայն չեմ ալ ըսեր, որ ճիշդ էի», աւելի ուշ խոստովանած է Տըլոր:

1985-1995 թուականներուն ան եղած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը: Այս շրջանին աւարտած է միասնական շուկայական տարածքի ստեղծումը, կնքուած են Շենկենի համաձայնագիրները, որդեգրուած է «Էրազմուս» ուսանողներու փոխանակման ծրագիրը եւ ստեղծուած եւրոպական միասնական դրամանիշը` եւրոն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/12/2023, 07:30