«Կը ցանկանայինք, որ երեխաները մոռնան պատերազմը, բայց այդ մէկը դիւրին չէ»․ Քոյր Նարինէ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզի գործընկերուհի` Ֆրանսական բաժնի թղթակից Մարին Անրիոն Սուրբ Ծննդեան տօներուն ընդառաջ եւ պատերազմի պատճառով Արցախէն տեղահանուածներու իրավիճակին ծանօթանալու եւ այն իրազեկելու նպատակով կապ պահած է Գիւրմիի հայ քոյրերու միաբանութեան հետ։
Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը
Այս առիթով Դեկտեմբեր 28ին հրատարակուած «Հայաստանի մէջ Սուրբ Ծնունդը վախի եւ յոյսի միջեւ» տիտղոսով յօդուածին մէջ Վատիկանի ֆրանսացի լրագրողուհին ամէնէ առաջ յիշեցուցած է Ֆրանչիսկոս Պապին` 2023 տարուայ Սուրբ Ծննդեան «Ուրպի էթ Օրպի» պատգամին ու օրհնութեան ընթացքին կոչը.․«Թող մօտենայ Հայաստանի և Ազրպէյճանի միջև վերջնական խաղաղութեան օրը. Թող զայն խրախուսեն` մարդասիրական նախաձեռնութիւններու շարունակութիւնը, տեղահանուածներու վերադարձը իրենց տուները օրինական և ապահով պայմաններու մէջ (…)»։
«Կոչ, որն անուղղակիօրէն ճանապարհային քարտէզ է աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութեան՝ Հայաստանի գոյատեւման համար» նշած է ան, ապա անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տասնամեակներու հակամարտութեան՝ 1988էն սկսեալ մինչեւ 2023 թուականի սեպտեմբեր՝ «Ազրպէյճանի կողմէ կայծակնային յարձակում», որու հետեւանքով Պաքուի իշխանութիւնները ձերբակալած են Լեռնային Ղարաբաղի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, իսկ տարածաշրջանը դատարկուած է իր բնակիչներէն, որոնցմէ աւելի քան 100,000ը ստիպուած փախած են Հայաստան:
«Կը ցանկանայինք, որ երեխաները մոռնան պատերազմը»
Ընթացիկ դժուար տարուան Սուրբ Ծնունդի առնչութեամբ Մարին Անրիոն զրուցած է Գիւմրի քաղաքի մանկատունը ղեկավարող Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան երեք միանձնուհիներուն հետ, որոնք կը ձգտին մխիթարել յատկապէս տեղահանուած երեխաներուն։ Քոյր Նարինէն նշած է, որ մանուկներուն աջակցութիւն կը ցուցաբերեն նաեւ մանկատան հոգեբանները, քանի որ, անգամ Լեռնային Ղարաբաղէն աշխարհագրօրէն հեռու Գիւմրիին մէջ ալ, ուր ամէնուր զինուորներ կան, դժուար է մոռնալ պատերազմը։ «Կը ցանկանայինք, որ երեխաները մոռնան պատերազմը, բայց այդ մէկը դիւրին չէ» ըսած է Ան։
«Ամէն բանէ առաջ մենք խաղաղութիւն կ’ուզենք»
Հայ միանձնուհին ապա տեղեկացուցած է, որ տօներուն կը նախատեսեն մանկատան մէջ հիւրընկալել 300էն աւելի մարդ, որոնցմէ շատերը Լեռնային Ղարաբաղէն են։ Կը ծրագրուին Սուրբ Ծննդեան տեսարաններ, ճաշկերոյթներ, զուարճութեան պահեր երեխաներու համար, որոնք Սուրբ Ծնունդը կը նշեն երկու անգամ՝ Դեկտեմբերի 25ին և Յունուար 6ին՝ ըստ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդութեան։ «Այս փաստը խնդիր չ’առաջացներ մեր ընտանիքներու համար եւ շատ լաւ ըմբռնում կայ տարբեր ծէսերու միջեւ», ժպտալով նկատած է քոյր Նարինէն, որ անմիջապէս յետոյ ընդգծած է` թէ մանուկներուն հետ միայն մէկ ցանկութիւն ունի 2024թ.-ի համար. «Ամէն բանէն առաջ մենք խաղաղութիւն կ’ուզենք։ Բոլորը խաղաղութիւն կ’ուզեն։ Մենք աղօթող ենք այդ դիտաւորութեամբ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ