Օքամփօ. «Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարներու գերութիւնը ցեղասպանութեան մէկ մաս է»
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ դարեր շարունակ ապրած հայերու դէմ ցեղային զտումները ցեղասպանութիւն են, իսկ տեղահանութիւնը` մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւն: Այս մասին իր զեկուցումին մէջ ընդգծած է Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ:
«Սփութնիք Արմենիա»-ի համաձայն, ան յիշեցուցած է, որ 2023 թուականի դեկտեմբերին կ՛աւարտի ցեղասպանութեան մասին հռչակագիրի որդեգրման 75-ամեակը:
Հռչակագիրի որդեգրումը կը վկայէ ցեղասպանութեան իրագործումը ժխտելու հարցին մասնակից պետութիւններու հետեւողական դիրքորոշումին մասին: Սակայն աշխարհը ականատես դարձած է այլ կացութեան, երբ հետեւողականօրէն անտեսուած է Արցախի հայերուն դէմ գործուող ցեղասպանութեան մասին տեղեկատուութիւնը:
«Ինչ կը վերաբերի Ցեղասպանութեան համար պատժելու պարտաւորութեան, ապա մասնակից պետութիւնները, ինչպիսիք են Ֆրանսան կամ Բրիտանիան, կրնան նպաստել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հետ առնչուած կացութեան Միջազգային քրէական դատարան փոխանցման», նշուած է Օքամփոյի զեկուցումին մէջ:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ Արցախի ղեկավարներու գերութիւնը ցեղասպանութեան մէկ մաս է:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ