2023.12.30 Calendario Liturgico Chiesa Armeno Apostolica

Անթիլիաս. Հրատարակուեցաւ 2024-ի Եկեղեցական Օրացոյցը

Օրացոյցը եկեղեցւոյ յարկին ներքեւ գործածուող փոքրագոյն գրքոյկն է եւ «եկեղեցական օրացոյց» անուանակոչուած է, որովհետեւ կը բովանդակէ մեր եկեղեցւոյ տօները եւ ամէնօրեայ հոգեպարար արարողութիւններու ընթացքին երգուելիք շարականները, Ս. Գիրքի ընթերցուածները, սաղմոսներն ու աղօթքները եւ ծիսական այլ մանրամասնութիւններ։

Օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյսին ընծայուեցաւ 2024 տարուան եկեղեցական գրպանի օրացոյցը։

Օրացոյցը եկեղեցւոյ յարկին ներքեւ գործածուող փոքրագոյն գրքոյկն է եւ «եկեղեցական օրացոյց» անուանակոչուած է, որովհետեւ կը բովանդակէ մեր եկեղեցւոյ տօները եւ ամէնօրեայ հոգեպարար արարողութիւններու ընթացքին երգուելիք շարականները, Ս. Գիրքի ընթերցուածները, սաղմոսներն ու աղօթքները եւ ծիսական այլ մանրամասնութիւններ։

Եկեղեցական օրացոյցի վերջաւորութեան զետեղուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ Միաբանութեան եւ Դպրեվանքի ուսանողութեան անուանացանկերը, թեմերը ու անոնց հասցէակապերը, Կաթողիկոսարանի վարչական կառոյցին մաս կազմող մարմիններու պատկերը, Դպրեվանքի ուսուցչական կազմին եւ Կաթողիկոսարանի ու Դպրեվանքի պաշտօնէութեան անուանացանկը։

Նշենք, որ եկեղեցական օրացոյցը պատրաստեց Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան։

Քաջալերելի է, որ իւրաքանչիւր հայ ընտանիք ունենայ այս օրացոյցը, իբրեւ ուղեցոյց իր հոգեւոր կեանքին։

Եկեղեցական օրացոյցը կրնաք ներբեռնել (download)՝ այցելելով Կաթողիկոսարանի պաշտօնական կայքէջը՝ www.armenianorthodoxchurch.org:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2023, 08:49