0714Europa-Nostra.jpeg

Ազրպէյճանը կը ծրագրէ վերացնել Հայերու ներկայութեան բոլոր ֆիզիքական նշանները ԼՂ-ի մէջ. ՄԱԿ-ի զեկուցող

«Զիս յատկապէս կ՝անհանգստացնեն այն պնդումները, որ մարդոց, յուշարձաններու եւ խորհրդանիշներու վրայ համակցուած յարձակումները, պատմութեան կեղծումը, տեղանուններու ջնջումն ու հայերու մասին բացասական խօսակցութիւնները կրնան վերածուիլ մշակութային զտումներու»,- ըսած է ՄԱԿ-ի զեկուցողը:

Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, որ նաեւ Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակին մէջ մշտական ներկայացուցչութիւնն է, հրապարակած է ՄԱԿ-ի մշակութային իրաւունքներու հարցերով յատուկ զեկուցողի հաղորդագրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ կրօնական նշանակալի վայրերու վիճակին մասին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Լուրեր»-ը:

ՄԱԿ-ի մշակութային իրաւունքներու հարցերով յատուկ զեկուցողը ազրպէյճանին ուղղուած հաղորդագրութեան մէջ մտահոգութիւն յայտնած է «հայկական պատմական, մշակութային եւ կրօնական նշանակալի վայրերուն եւ կեդրոններուն ոչնչացման ու իւրացման շարունակական գործունէութեան, հայերու ներկայութեան հետքերը ջնջելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան կազմակերպուած վերաիմաստաւորման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ հայերու նկատմամբ խտրականութեան եւ մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի միջազգային չափանիշներու խախտմամբ իրականացուող ճնշումներուն վերաբերեալ:

«Զիս յատկապէս կ՝անհանգստացնեն այն պնդումները, որ մարդոց, յուշարձաններու եւ խորհրդանիշներու վրայ համակցուած յարձակումները, պատմութեան կեղծումը, տեղանուններու ջնջումն ու հայերու մասին բացասական խօսակցութիւնները կրնան վերածուիլ մշակութային զտումներու»,- ըսած է ՄԱԿ-ի զեկուցողը:

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2023, 09:00