Վրաստանը Եւրոպական Միութեան թեկնածու երկիրի կարգավիճակ ստացաւ, իսկ Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի հետ անդամակցութեան բանակցութիւնները պիտի սկսին
Եւրոպական խորհուրդը որոշած է սկսիլ Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները, իսկ Վրաստանին անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ շնորհած է: Այս մասին «Էսք»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Պոսնիոյ հետ բանակցութիւնները պիտի սկսի, երբ ձեռք բերուի անդամակցութեան չափանիշներուն համապատասխան ըլլալու անհրաժեշտ աստիճանը, նաեւ Եւրոպական յանձնաժողովը հրաւիրեց մինչեւ մարտ հաշուետուութիւն ներկայացնելու` նման որոշում տալու նպատակով:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով շնորհաւորեց Վրաստանը, Ուքրանիան եւ Մոլտովան:
«Կը շնորհաւորեմ Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի պաշտօնակիցներս եւ այդ երկիրներու ժողովուրդները` Եւրոպական խորհուրդի տուած ուղենշային որոշումներուն համար:
«Ասիկա պատմական օր է եւրոպական ընտանիքին համար, բոլոր անոնց համար, որոնք կը կիսեն ժողովրդավարական սկզբունքները», գրեց Միրզոյեան:
Միւս կողմէ, թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթը, յղում կատարելով Պրիւքսելի մէջ աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ապագայ հեռանկարներուն վերաբերեալ որոշումը յետաձգուած է մինչեւ միութեան յաջորդ վեհաժողովը, որ նախատեսուած է 21-22 մարտ 2024-ին:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ