Հալէպի մէջ երեք Համայնքապետերը Հալէպի մէջ երեք Համայնքապետերը 

Հալէպի մէջ. Համայնքապետերու հերթական հանդիպումը

Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին համայնքապետերը նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով շնորհաւորական բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին իրարու եւ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած՝ խաղաղութիւն, սէր, միութիւն եւ համերաշխութիւն մաղթեցին ողջ աշխարհին։
Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 11 Յունուար 2024-ի առաւօտուն, հայ երեք համայնքապետեր՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հանդիպում ունեցան Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս:

Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին համայնքապետերը նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով շնորհաւորական բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին իրարու եւ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած՝ խաղաղութիւն, սէր, միութիւն եւ համերաշխութիւն մաղթեցին ողջ աշխարհին։ Անոնք հակիրճ կերպով անդրադարձան օրակարգային կարգ մը նիւթերու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2024, 08:20