Անթիլիասի մէջ ընթացք առաւ «Հայկական աշխարհը եւ տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները» թեմայով խորհրդաժողովը
Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին, ուրբաթ, 19 յունուար 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Վերլուծման եւ իրազեկման հարթակին (ՎԻՀ) «Հայկական աշխարհը եւ տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները» խորագիրով խորհրդաժողովը:
Երկօրեայ խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ Ազրպէյճանի ոչնչացման քաղաքականութիւնը դիմակայելու, արցախահայութեան եւ ռազմագերիներու ու առեւանգուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան տունդարձի, տարածաշրջանային քաղաքական իրադարձութիւններու եւ Արցախի հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման առնչուած նիւթեր:
Նշենք, որ խորհրդաժողովի մասնակից անդամները անցնող տարի ունեցան եօթը առցանց նիստեր, որոնց ընթացքին, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, քննարկուեցաւ հայկական աշխարհի առնչուածութիւնը աշխարհաքաղաքական նորագոյն իրադարձութիւններուն:
Խորհրդաժողովի աւարտին պիտի հրապարակուի ժողովէն բխած հաղորդագրութիւն մը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ