Անթիլիասի մէջ խորհրդաժողով Անթիլիասի մէջ խորհրդաժողով 

Անթիլիասի մէջ ընթացք առաւ «Հայկական աշխարհը եւ տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները» թեմայով խորհրդաժողովը

Երկօրեայ խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ Ազրպէյճանի ոչնչացման քաղաքականութիւնը դիմակայելու, արցախահայութեան եւ ռազմագերիներու ու առեւանգուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան տունդարձի, տարածաշրջանային քաղաքական ի

Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին, ուրբաթ, 19 յունուար 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Վերլուծման եւ իրազեկման հարթակին (ՎԻՀ) «Հայկական աշխարհը եւ տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները» խորագիրով խորհրդաժողովը:

Երկօրեայ խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ Ազրպէյճանի ոչնչացման քաղաքականութիւնը դիմակայելու, արցախահայութեան եւ ռազմագերիներու ու առեւանգուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան տունդարձի, տարածաշրջանային քաղաքական իրադարձութիւններու եւ Արցախի հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման առնչուած նիւթեր:

Նշենք, որ խորհրդաժողովի մասնակից անդամները անցնող տարի ունեցան եօթը առցանց նիստեր, որոնց ընթացքին, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, քննարկուեցաւ հայկական աշխարհի առնչուածութիւնը աշխարհաքաղաքական նորագոյն իրադարձութիւններուն:

Խորհրդաժողովի աւարտին պիտի հրապարակուի ժողովէն բխած հաղորդագրութիւն մը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2024, 10:00