Արամ Ա  Վեհափառը Ապու Տապիի մէջ Արամ Ա Վեհափառը Ապու Տապիի մէջ 

Արամ Ա Կաթողիկոս իր խօսքը ուղղեց Ծոցի շրջանի եկեղեցիներուն խորհուրդի համագումարին

22 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ուղղեց Ապու Տապիի մէջ գումարուող Ծոցի շրջանի եկեղեցիներու խորհուրդի համագումարին:

Ապու Տապի այցելութեան իր առաջին օրը՝ Երկուշաբթի, 22 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ուղղեց Ապու Տապիի մէջ գումարուող Ծոցի շրջանի եկեղեցիներու խորհուրդի համագումարին:

Համագումարի կեդրոնավայրին մէջ պաշտօնական ընդունելութենէ ետք, Ծոցի եկեղեցիներու խորհուրդի ատենապետ Մակարիոս Արքեպիսկոպոսը ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը: Ան ըսաւ, թէ Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան 50 տարիներ ո՛չ միայն մաս կազմած է միջ-եկեղեցական շարժումին, այլեւ ղեկավարի ու առաջնորդողի դեր ունեցած է եւ ունի մինչեւ այսօր: Ուստի, այս համագումարին իր ներկայութիւնը մեզի համար ներշնչումի աղբիւր է: Ուրախ ենք, որ հակառակ իր բազմազբաղ ժամանակացոյցին, ընդառաջեց մեր հրաւէրին, ըսաւ Արքեպիսկոպոսը:

Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը հինգ կէտերու մէջ ամփոփեց միջ-եկեղեցական շարժումին իմաստն ու նպատակը։ Ան ըսաւ, որ միջ-եկեղեցական շարժումը ո՛չ միայն եկեղեցւոյ միութեան ուղղուած շարժում մըն է, այլ նաեւ այդ նպատակը իրագործելու համար եկեղեցիներու փոխադարձ օգնութեան եւ գործակցութեան հրաւէր է: Այս ծիրէն ներս Նորին Ս. Օծութիւնը ըսաւ, թէ միջ-եկեղեցական շարժումը նկատի պէտք է ունենայ իր միջավայրը, ներկայ աշխարհի տագնապներն ու մարտահրաւէրները: Իր խօսքի երկրորդ բաժնին մէջ Հայրապետը, խօսելով Միջին Արեւելքի մասին, ըսաւ, թէ գործակցութիւնը եկեղեցիներու միջեւ հրամայական է՝ յատկապէս ներկայ տագնապալից ժամանակներուն, ինչպէս նաեւ՝ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը, որ տեսական երեւոյթ չէ, այլ գոյութենական իրողութիւն է: Վեհափառ Հայրապետին խօսքէն ետք, Արքեպիսկոպոս Մակարիոս իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց եւ յուշանուէր մը յանձնեց խորհուրդին անունով:

Յայտնենք, որ յիշեալ հանդիպումին Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Քուէյթի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան, Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան եւ Տուպայի եւ հիւսիսային Էմիրութեանց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արամ Աւ. Քհն. Տէյիրմէնճեան:

Յիշենք, որ նոյն օրը, առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը, իր պատուիրակութեան հետ միասին, որուն մաս կազմեցին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետը եւ թեմի ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ու ազգային վարչութեան անդամները, այցելեց Շէյխ Զայէտի մեծ մզկիթը, ուր դիմաւորուեցաւ ընդհանուր տնօրէնին կողմէ, որ բարի գալուստ մաղթեց Նորին Սրբութեան եւ անդրադարձաւ կեդրոնի գործունէութեան:

Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց կեդրոնին գործունէութիւնը՝ յայտնելով, որ ինք նախօրոք այցելութիւն տուած է յիշեալ մզկիթին: Յատուկ կարգադրութեամբ կայացաւ Նորին Ս. Օծութեան եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան շրջագայումը մզկիթի համալիրէն ներս, ուր մօտէն ծանօթացան կեդրոնին կրօնական-մշակութային առաքելութեան ու գործունէութեան: Նշենք, որ Ճերմակ մզկիթը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մշակութային եւ միջ-կրօնական երկխօսութեան կարեւոր կեդրոն մըն է, ուր մնայուն կերպով պետական-պաշտօնական հիւրեր կ՚այցելեն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2024, 08:25