Պաքու հաստատեց, որ իր ուժերը Հայաստանէն դուրս պիտի չբերէ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ատրպէյճանական պատկերասփիւռի կայաններուն հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Պաքուն չի պատրաստուիր իր զօրքերը դուրս բերել պայմանական սահմանէն՝ պնդելով, թէ սեփական բանակը նոյնիսկ մէկ քայլ ետ պիտի չերթայ վերջին տարիներուն Հայաստանէն բռնագրաւուած տարածքներէն: Ընդ որում, Ալիեւ Հայաստանի հանդէպ այդ յարձակումները բնորոշեց իբրեւ «սահմանի ճշդում»:
«Քանի մը գործընկերներ ինձմէ խնդրեցին, որ կողմերը դուրս բերեն իրենց զօրքերը: Ես հարցուցի, թէ զանոնք ուր տանինք: Անոնք ինծի ըսին, թէ տանինք հոն, ուրկէ եկած են: Կ՛ըսեմ՝ Պաքուէն եկած ենք, Պաքո՞ւ վերադառնանք: Մենք այս տարածքներուն մէջ չենք եղած արդէն 30 տարիներ: Եթէ այս տարածքները սահման ըլլային, եւ Հայաստանը զայն իբրեւ սահման ճանչնար, այդ բանը պիտի նշէր: Սակայն ինք այդ մէկը սահման չէր համարեր, կը կարծէր, թէ իր սահմանը Աղդամի մէջ է: Հարցումիս ոչ ոք պատասխանեց: Առ այդ, մենք ոչ մէկ տեղ պիտի երթանք, ոչ մէկ քայլ պիտի շարժինք ո՛չ Մայիս 2021ին, ոչ ալ Սեպտեմբեր 2022ին գրաւած դիրքերէն, որովհետեւ սահմանը պէտք է յստակացուի», շեշտեց Ալիեւ:
Փոխարէնը Ալիեւը Երեւանէն պահանջեց «բռնագրաւուած ութ գիւղերը»՝ նշելով, որ այդ հարցը մնայուն կերպով կը քննարկուի Հայաստանի վարչապետին հետ:
«Այս հարցը արծարծեցի նաեւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ «ոտքի վրայ» զրոյցի ընթացքին (Փաշինեանին հետ): Հարցը նաեւ սահմանազատման յանձնախումբերու օրակարգին վրայ է», յայտնեց ան՝ տեղեկացնելով, որ յանձնախումբերու յաջորդ հանդիպումը նախատեսուած է այս ամիս, «օրակարգին վրայ մէկ՝ Ղազախ-Թովուզ հատուածի սահմանազատման հարցն է»:
«Կան միջերկրային եւ ոչ-միջերկրային գիւղեր: Ոչ-միջերկրային չորս գիւղերը առանց խօսելու իսկ պէտք է վերադարձուին Ատրպէյճանին: Իսկ ինչ կը վերաբերի միջերկրայիններուն՝ այդ պարագային պէտք է փորձագիտական խումբ մը կազմել եւ քննարկել: Մենք կը կարծենք, թէ բոլոր միջերկիրները պէտք է վերադարձուին, հոն մարդ բնակեցնել, եւ յատուկ պայմաններով ճանապարհներ բանալ՝ այդ միջերկիրներ հասնելու համար: Այս է մեր դիրքորոշումը, իսկ թէ ի՛նչ է Հայաստայի դիրքորոշումը, չենք կրնար հասկնալ», յայտարարեց Ալիեւ:
Հայկական կողմը իր կարգին կը հաստատէ, որ Ատրպէյճան Հայաստանէն տարածքներ եւ վարելահողեր գրաւած է անկախացումէն ետք, եւ որ այս հարցը պէտք է քննուի սահմանագծման եւ սահմանազատման ընթացքին: Երեւան կ՛առաջարկէ այդ գործընթացը իրականացնել 1975ի քարտէսներուն հիման վրայ:
Ալիեւ մերժեց այդ մէկը՝ ըսելով «Մեր պատասխանը շատ պարզ է, եւ կ՛ուզեմ այսօր այդ մասին բաց խօսիլ: Գաղտնիք չէ, որ 20րդ դարուն ատրպէյճանական հողերը մաս առ մաս տրուեցան Հայաստանին: 1918ին՝ Ատրպէյճանական դեմոկրատական հանրապետութեան հիմնադրութենէն մէկ օր ետք Իրեւանը, դժբախտաբար, փոխանցուեցաւ Հայաստանին, թէեւ այդ մէկը ընելու որեւէ հիմք չկար, անիկա հինաւուրց ատրպէյճանական քաղաք է», դիտել տուաւ Ալիեւ:
Նոյն տրամաբանութիւնը, ըստ անոր, գործած է նաեւ խորհրդային տարիներուն, որուն իբրեւ արդիւնք, իր իսկ խօսքով, Ատրպէյճան 100 հազար քառակուսի քիլոմեթրէն դարձած է 86.6 հազար:
«Այսինքն, անոնք կ՛ուզեն մէկ կողմ ձգել 1960ականներու, 50ականներու, 40ականներու քարտէսները եւ յղում կը կատարեն 70ականներուն, որովհետեւ մեր պատմական հողերը այդ ժամանակ արդէն անոնց տրուած էին: Ուստի, մենք վճռականօրէն ընդդիմացանք եւ կ՛ընդդիմանանք անոր», ըսաւ Ալիեւ:
Սակայն, հակառակ այս բոլորին, Ալիեւ շեշտեց, որ ինք կողմ է խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան՝ «որքան շուտ, այնքան՝ լաւ», իսկ սահմանազատման հարցը ձգուի ապագային, որովհետեւ «անիկա կրնայ երկար շարունակուիլ»:
«Այնպէս չէ, որ մենք կը պնդենք, որ համաձայնագիր ստորագրուի մեր պայմաններով, բայց, կը կարծեմ, թէ մեր պայմանները ամէնէն արդարն են»:
Այդ «արդար» մօտեցումներով, ըստ Ալիեւի, Ատրպէյճան յաջողեցաւ նաեւ խաղաղութեան համաձայնագիրէն հանել յղումները Ղարաբաղի վերաբերեալ: Ըստ անոր՝ հայկական կողմը եւ դաշնակիցները փորձեցին նախ կարգավիճակի հարցը ամրագրել, չյաջողեցան, ապա ուզեցին դրոյթ ներառել Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն իրաւունքներուն եւ ապահովութեան մասին, որուն իբրեւ պատասխան Ատրպէյճան պահանջեց ամրագրել նաեւ Հայաստանէն տեղահանուած ատրպէյճանցիներու իրաւունքներու եւ ապահովութեան հարցը:
«Ինքնին այդ էր բանակցութիւններու անարդիւնաւէտութեան հիմնական պատճառը», ըսաւ Ալիեւ եւ պնդեց, որ հայկական կողմին ներկայացուցած վերջին առաջարկներուն մէջ արդէն որեւէ բառ չկայ Ղարաբաղի եւ Ղարաբաղի հայերուն վերաբերեալ:
Ալիեւ չշրջանցեց նաեւ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող Արցախի նախկին պաշտօնեաները՝ դարձեալ պնդելով, որ անոնք «յանցագործներ են»:
«Այդ խմբաւորումէն կը պակսին երկուքը եւ անոնք կը գտնուին Իրեւանի մէջ», ըսաւ Ալիեւ՝ առանց անուններ տալու:
Ալիեւ անգամ մը եւս քննադատեց Ֆրանսան՝ նշելով, որ Հայաստանը զինելու փորձերուն նպատակն է՝ Պաքուն մնայուն կերպով ճնշումի տակ պահել: Ըստ անոր՝ այդ բոլորին նպատակն է՝ չարտօնել ապագային «մեզ խաղաղ ապրիլ, եւ, դժբախտաբար, Ֆրանսա նաեւ այս առումով առաջին գիծի վրայ է»:
«Ֆրանսան այն երկիրն է, որ այսօր կը զինէ Հայաստանը, կը պատրաստէ իր զինուորները եւ կը նախապատրաստէ պատերազմի: Առ այդ, երբ կ՛ըսէի, որ Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը կը նպաստէ Կովկասի մէջ լարուածութեան սրման, ես ճիշդ ա՛յդ նկատի ունէի: Հայաստանի մէջ կրնան անհիմն պատրանքներ յառաջանալ, որ օր մը նորէն մեզմէ կը խլեն Ղարաբաղը: Նման գաղափարներ շրջան կ՛ընեն հայ հասարակութեան մէջ, ներառեալ երկիրի ղեկավարութեան շրջանակին մէջ: Չեմ բացառեր, որ այդ գաղափարները աստիճանաբար առաւել լայն տարածում կ՛ունենան: Առ այդ, մենք երբեք պէտք չէ հանգստանանք: Եթէ կը յիշէք, ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք ես ըսի, որ պէտք է աւելի ուժեղ բանակ կազմենք, եւ մենք այդ մէկը ըրինք», յայտնեց Ալիեւ՝ աւելցնելով. «Մեզ կը մեղադրեն Հայաստանի դէմ յարձակելու մտադրութեան մէջ. ես այս մասին արդէն խօսած եմ, սակայն անգամ մը եւս կ՛ուզեմ շատ անկեղծ ըսել, որ եթէ ուզէինք, կը մտնէինք ու մինչեւ վերջ կ՛երթայինք: Մեր դիմաց Ջերմուկ քաղաքն էր, մեր նախկին քաղաքը, որուն իսկական անունը Իսթիսու է: Ո՞վ պիտի կանգնեցնէր մեզ: Մենք նման մտադրութիւն չունէինք: Մեր նպատակը մեր սահմանները պաշտպանելն էր: Այնպիսի բարձունքներ պէտք է մեր ձեռքերուն մէջ ունենայինք, որ մեր աչքերով տեսնէինք, թէ հայերը ինչ կը ծրագրեն», եզրափակեց Ալիեւ:
Ասոր դիմաց, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ամբողջովին հակառակ կարծիքը արտայայտեց Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան՝ դիտել տալով, որ հաւանական է մօտիկ ապագային Հայաստանի տարածքէն ատրպէյճանական ուժերուն դուրսբերումը: «Նախ պէտք է փորձել այդ մէկը ընել խաղաղ ճանապարհով», աւելցուց Քոչարեան:
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ի՛նչը պիտի ստիպէ Ատրպէյճանը դուրս գալ Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն՝ Քոչարեան պատասխանեց. «Մեր պետութեան ուժեղացումը, մեր անվտանգային համակարգի ուժեղացումը: Ամէն օր պէտք է արթնանալ եւ կատարել այն խնդիրները, որոնք մեր երկրի անվտանգութիւնն ուժեղացնում են»:
Ըստ Քոչարեանի՝ ամէն ինչ պէտք է միտուած ըլլայ վաղուան: «Մենք ունենք կորուստներ, եւ հիմա ամէն օր մենք մեր անվտանգային միջավայրը պէտք է ուժեղացնենք», ըսաւ Քոչարեան:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ